2 սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան պետական այրերի ուղեկցութեամբ մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցիին մէջ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին:
Արարողութեան աւարտին պաշտօնեաները այցելած են Եղբայրական գերեզման-յուշահամալիր, ծաղկեպսակներ դրած եւ մասնակցած հոգեհանգստեան կարգին: