Զարեհ Զինանեանը չի ընդունուելու նաև Յունաստանի հայութեան կողմից

Զարեհ Զինանեանը չի ընդունուելու նաև Յունաստանի հայութեան կողմից


Յայ­տա­րա­րու­թիւն Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի

­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի



­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի գոր­ծե­րու յանձ­նա­կա­տար ­Զա­րեհ ­Սի­նա­նեան ­Փաթ­րա քա­ղա­քին մէջ 23 ­Յու­նի­սին ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս սփիւռ­քի հար­ցե­րու թե­մա­յով հան­դիպ­ման մը պի­տի մաս­նակ­ցի։ Այս ա­ռի­թով ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան կող­մէ յա­տուկ հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պո­ւած է ­Զա­րեհ ­Սի­նա­նեա­նին հետ Ա­թէն­քի մէջ։

Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր հայ­րե­նի մա­մու­լին մէջ շրջա­նա­ռո­ւող լու­րե­րուն հե­տե­ւած ըլ­լա­լով՝ ծա­նօթ ենք այլ գա­ղութ­նե­րու մէջ ­Զա­րեհ ­Սի­նա­նեա­նի հետ նման հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին, ուր տո­ւեալ ան­ձին կող­մէ վի­րա­ւո­րա­կան ու ա­նար­գա­լից ո­րա­կում­ներ հնչած են ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հաս­ցէին, ան­տե­սե­լով 132-ա­մեայ մեր կու­սակ­ցու­թեան դերն ու ար­ժէ­քը Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման ու պահ­պան­ման, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հզօ­րաց­ման գոր­ծին մէջ։ Ան իր պա­ռակ­տիչ ու ա­տե­լու­թեան խօս­քե­րով ո­րե­ւէ օգ­տա­կար ներդ­րում չէ կա­րո­ղա­ցած ու­նե­նալ, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ տխուր հռչակ կը վա­յե­լէ, մա­նա­ւանդ երբ քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով փոր­ձած է շրջան­ցել ազ­գա­յին ա­մուր կա­ռոյց­նե­րը եւ ստո­րաց­նել ա­նոնց անժխ­տե­լի վաս­տա­կը։ ­Յա­ւե­լեալ, խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ եւ ան­հանգստացնող կը գտնենք հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, ինչ­պէս եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման փաս­տին վե­րա­բե­րող իր աղմ­կա­յա­րոյց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, որ վտան­գի տակ կ­՚առ­նեն ամ­բողջ մեր ազ­գին ա­պա­գան։ Այս պատ­ճառ­նե­րով կա­րե­լի չէ ըն­դու­նիլ նման հա­ւա­քի մաս­նակ­ցե­լու ո­րե­ւէ հրա­ւէր։

­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը, ինչ­պէս ո­րե­ւէ գա­ղութ Ս­փիւռ­քի մէջ, ու­նի իր հա­սա­րա­կա­կան-կու­սակ­ցա­կան-ազ­գա­յին-կրօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը։ Ա­նոնք, 100 տա­րի­նե­րէ ի վեր կա­րո­ղա­ցած են աշ­խուժ ազ­գա­յին կեանք ա­պա­հո­վել, միա­ժա­մա­նակ մեծ ձեռք­բե­րում­ներ յա­ջողց­նե­լով ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րէն ներս եւ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան քա­ղա­քա­կան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­մէ­նա­բարձր մա­կար­դա­կը նո­ւա­ճե­լով։ Այս բո­լո­րը յա­ջո­ղո­ւած է նաեւ գա­ղու­թի միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գին պահ­պա­նե­լու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ, խու­սա­փե­լով ան­կա­յու­նու­թիւ­նը փնտռող ան­հատնե­րու ան­յոյս ճի­գե­րէն։

Ի­րենց պա­ռակ­տիչ ու ա­տե­լու­թեան խօս­քե­րով լե­ցուն՝ ­Զա­րեհ ­Սի­նա­նեա­նի նման ձայ­ներ, որ կը փոր­ձեն լա­րել կաս­կա­ծամ­տու­թիւնն ու անվս­տա­հու­թիւ­նը գա­ղութ­նե­րուն հան­դէպ, լսե­լի պի­տի չդառ­նա՛ն, ո՛չ ալ հան­դուր­ժե­լի են։

­Մենք հաս­տատ ու վճռա­կամ ենք մեր գա­ղու­թէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­մուր մթնո­լոր­տը պահ­պա­նե­լու գծով, հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած մեր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, ինչ­պէս եւ յու­նա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու ու շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ։

Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի
­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ
20 ­Յու­նիս 202

Share