Հրապարակախօս Վաչէ Բրոտեանի ելոյթը «Նեմեսիս»ի յուշարձանի մօտ տեղի ունեցած միջոցառման ժամանակ.
Ուժը չի սահմանափակուիր միայն ֆիզիքական ձեւով։ Ան ունի նաեւ գաղափարական դրսեւորում։
Ազգերու, պետութիւններու գոյատեւման հիմքերէն է նաեւ ազգային արժանապատուութիւնն ու անկէ բխած գերիշխանութիւնը։
Այսօր հաւաքուած են հոս, ՆԵՄԵՍԻՍԻ՝ Երեւանի սրտին վրայ կառուցուած այս յուշակոթողին շուրջ, ընդգծելու համար հայոց ազգային արժանապատուութեան գաղափարը, իբրեւ կենարար ուժ։ Հոս հաւաքուած ենք անգամ մը եւս ընդգծելու համար, թէ արդարութիւնն է այն խարիսխը, որուն վրայ կարելի է հաստատել ազգամիջեան համերաշխութիւնն ու արդարութիւնը։ Առանց արդարութեան, խաղաղութիւն չի՛ կրնար հաստատուիլ։
Սա նոյն Երեւանն է, հայոց մայրաքաղաքը, ուր 1919ին գումարուած էր ՀՅԴաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովը։ Այդ նոյն ժողովի որոշումն էր՝ պատժել Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակները, յանուն արդարութեան եւ արժանապատուութեան վերականգնման։ Մենք կայացուցինք ու գործադրեցինք արդար վճիռ։
Մօտաւորապէս 150 տարիէ ի վեր, մեր ժողովուրդը կը պայքարի յանուն իր արդար իրաւունքներուն։ Այդ արդար դատը մտաւ իր գործնական լուծման առաջին փուլը, ճիշդ 105 տարի առաջ, ու ճիշդ այս օր, 1918ի Մայիսի 28ին, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը։
Սա նոյն Երեւանն է, ուր 104 տարի առաջ, ու դարձեալ ճիշդ այսօր, հայոց ազգային կառավարութիւնը Հայաստանը հռչակեց ազատ, անկախ ու մանաւանդ՝ միացեալ։
Պատահական չէր, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հողին վրայ տրուեցաւ արդարութեան վրայ հիմնուած պատիժի որոշումը։ Դաշնակցութեան էութեան մաս կը կազմէ արդարամտութիւնը։ Այս արդարամտութեան վրայ խարսխուած է միացեալ Հայաստան կերտելու մեր ծրագրային մօտեցումը։
Դարձեալ, արդարութիւնը վերականգնելու, ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստան ստեղծելու մեր մօտեցումին արդիւնք էր այն, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ուժերով լծուեցաւ Արցախը ազատագրելու պայքարին, 1990ական թուականներուն։ Որովհետեւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած անարդարութիւնը կը սրբագրուի միայն այն ատեն, երբ կը ստեղծենք միացեա՛լ Հայաստան։ Սա՛ էր մեզ առաջնորդող գաղափարական սկզբունքը թէ՛ այդ օրերուն եւ թէ՛ այսօր, երբ կը պայքարինք Հայաստանի ներկայիս իշխանութեան հակա-ազգային վարքագծին դէմ։
Մեր թշնամիները, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, բնականաբար հաշտ աչքով չեն նայիր մեր պայքարին։ Անոնց ձգտումն է միանգամընդմիշտ պարտութեան մատնել մեր արդար դատը։ Իսկ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ոչ միայն կը փորձեն ուրանալ մեր արդար դատը, այլեւ ամէն ինչ կ՛ընեն որպէսզի պարտութեան մատնեն յանուն արդարութեան մեր ժողովուրդին մղած պայքարը։ Ասոր նորագոյն փաստը Արցախը թշնամիին յանձնելու իրենց բացայայտ տրամադրութիւնն է, ու նոյն ծիրէն ներս ալ՝ այս յուշակոթողին կառուցումը իբրեւ թէ սխալ որոշումի արդիւնք համարելը։ Տխուր է հաստատելը, թէ ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու բարձրագոյն ամբիոնէն հնչած այս միտքը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ փորձ մը՝ հաճոյանալու թշնամի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կեցուածքին, թէ «սխալ էր այդ յուշարձանին կառուցումը»։
Ո՛չ պարոնայք իշխանաւորներ։ ՆԵՄԵՍԻՍի այս յուշակոթողը խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի արդարամտութեան ու արժանապատուութեան։ Անիկա պիտի մնայ իբրեւ ուղեցոյց մեր յաջորդական սերունդներուն։
Մեր ժողովուրդին արդարամտութիւնն ու հաւաքական արժանապատուութիւնը սակարկելի չեն, ինչ ալ մտածեն Անգարայի, Պաքուի, Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի մէջ։ Արդարութիւնը վերականգնելումեր ժողովուրդին ձգտումը կը դրսեւորուի յարատեւ պայքարով, յարատեւ կռիւով, զանազան տեսակի խրամատներու մէջ. Այդ խրամատները գոյութիւն ունին թէ՛ թշնամիին հետ շփման գիծերուն վրայ, եւ թէ՛ համաշխարհային ուժի կեդրոններու դիւանագիտական քուլիսներուն մէջ։
Հետեւաբար, ու առանց թեթեւսօլիկ յոխորտանքին կը հաստատենք.- Թող լաւ գիտնան բոլորը, Անգարայի, Պաքուի, Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի մէջ, որ մեր ներկայութիւնը հոս, ՆԵՄԵՍԻՍի՝հայկական Նիւրենպերկի այս յուշակոթողին շուրջ, ինքնին խորհրդանիշն է հայութեան արդար պայքարին նկատմամբ մեր ունեցած հաւատքին ու յանձնառութեան։
Այսօր, ու ինչպէս վերը նշեցինք, ՀՀ իշխանաւորները կը փորձեն հրաժարիլ հայութեան տարրական ու արդար իրաւունքներէն ու հո՛ս, այս գաղափարական դաշտին վրա՛յ է մեր ու իրենց տարբերութիւնը։ Մեր ժողովուրդի արդար պահանջներու գաղափարական խորհրդանիշներէն են Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի ու ՆԵՄԵՍԻՍի յուշակոթողները, Արարատն ու Մռաւը, Շուշին ու Վանը։Իսկ ՔՊ-ին համար… միայն ու միայնփողն ու ստամոքսը, նիւթապաշտական ագահութիւնը։ Այս իշխանութիւնը իր էութեամբ կը հակադրուի մեր ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան։ Այն արժանապատուութեան, զոր նաեւ պաշտպանելու համար կեանքի կոչուեցաւ ՆԵՄԵՍԻՍը։
Բայց մենք ուժեղ ենք, որովհետեւ ամուր ենք այն այն հաւատքով, որ ի վերջոյ յաղթական դուրս պիտի գան գաղափարի ուժով զինուածները։ Սարդարապատն ու ՆԵՄԵՍԻՍը պիտի յաղթեն նիւթապաշտութեան։ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը պիտի յաղթէ 29 հազարին։ Չկասկածի՛ք։
Զինուեցէք այս հաւատքով ու գաղափարով։
Վաչե Բրուտյան
Մայիս 28, Երեւան