Սահակ Սահակեանը և Գետաշէնը…

Սահակ Սահակեանը և Գետաշէնը…

Ս. Մահսէրէճեան

Հայրենի մամուլը գուժեց Սահակ Սահակեանի մահը: Ափսո՜ս…
Հակիրճ մահագրութիւնը զինք ներկայացուցած էր իբրեւ դաշնակցական զինուոր, մտաւորական եւ երգիչ:
Վստահ ենք, որ շուտով պիտի ներկայացուի անոր վաստակին լայն պաստառը, առանց մոռնալու անոր
զուարթախոհութիւնն ու հաղորդական ընկերականութիւնը:
Կարդալով գուժականը, մեր միտքը թռաւ-գնաց 90-ականներու սկիզբները, երբ ամբողջ հայութիւնը,
Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, մէկ մարդու պէս կանգնած էր Արցախի պաշտպանութեան խրամատներուն մէջ, յառաջ
կը տանէր յաղթանակներու դրօշը, քայլ առ քայլ ազատագրելով ազերիական սկզբնական յառաջխաղացքներու
հետեւանքով խլուած հողերը: Ոեւէ հայու միտքին մէջ մանանեխի հատիկի մը չափ կասկած չկար, թէ անհաւասար
մարտերը կը մղուէին յանուն արդարութեան, ի խնդիր հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան, հոգ չէ թէ այդ
օրերուն ալ հայութեան մտքին մէջ կը կաթեցնէին «Արցախը բեռ է, տանք՝ ազատինք»ի դաւաճանական թոյնը: Այդ
յաղթանակներուն շնորհիւ էր, որ ազատագրուեցաւ հպա՛րտ Շուշին, ինքզինք խիզախօրէն պաշտպանեց բուռ մը
Քարին Տակը, խորտակուեցաւ Աղտամը, սխրալի դրուագներ կերտուեցան Օմարի լեռնանցքի բարձունքներուն,
Սարսանգը ամբողջութեամբ դարձաւ հայկական, պաշտպանական սահմանագիծը երկարեցաւ Մարտակերտէն մինչեւ
Մարտունի, Հատրութ ու Արաքսի ափ: Հայ ազատամարտիկները չհասցուցին ազատագրել Գետաշէնն ու Շահումեանի
հիւսիսային գօտին:
Ազատագրական մարտերու օրերուն, ծնունդ առին հերոսապատումները եւ զանոնք իրենց արիւնով
ամրագրած՝ նահատակները պանծացնող երգեր: Անոնց դիմաց, ծնաւ նաեւ «Գետաշէն» երգը, որ դարձաւ
բռնագրաւեալ հողերուն՝ մեզմէ խլուած բոլո՛ր հողերուն վերատիրացման կամքին մէկ արտայայտիչը, խորհրդանիշը:
Երգին բառերուն հեղինակն է Գագիկ Նազարեան, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած է ինք՝ Սահակ Սահակեան:
Երգի մը բառերը յօրինելը ստեղծագործութիւն է, այս պարագային՝ հարազատ արձագանգ մը՝ հայութեան
ողբին, ապա նաեւ կորսուածին վերատիրացման ժողովուրդի կամքին: Նոյն աղբիւրէն բխած են մեր ազգային-
յեղափոխական դարաւոր երգերը: Նման երգ չէր կրնար մնալ թուղթի վրայ, այլ պէտք էր հնչէր ամէն տեղ,
Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք: Եւ այդ առաքելութիւնը իր ուսերուն առաւ երգահան Ս. Սահակեանը, զայն տարածեց
հայրենիքի երկինքին տակ, հասցուց սփիւռքեան օճախներ:
Ո՞վ չէ լսած Սահակին «Գետաշէն»ը: Անոր հոգիին խորերէն եկող թաւ ձայնը՝ որ կարծէք թէ կը բխէր
Արտաւազդը իրենց գիրկին պահած Մասիսի անդունդներէն, առիւծի բաշեր յիշեցնող մազերը, բեմին վրայ խրոխտ
կեցուածքն ու երգին բառերուն համահունչ շարժումները, պանծալի ֆետայիներ յիշեցնող թաւ պեխը լիարժէքօրէն կը
վարակէին ունկնդիրը (https://youtu.be/7NqKdSnYCiw?si=_MXU9MN7ugfUgCgI), որ եթէ նստած էր
համերգասրահի մը աթոռներուն, անխուսափելիօրէն ինքզինք շարժման մէջ կը դնէր երգին կշռոյթին համաձայն, կը
գօտեպնդէր յաղթանակելու կամքը:
Իսկ Սահակը մէկ էր մեր Յեղափոխութիւնը կենդանի պահող երգերու մեկնաբաններէն…


Սահակը հիմա մեկնած է անվերադարձ, սակայն իր երգը կը մնայ հնչեղ, կը մնայ պատգամ՝ մեր հողերուն
իրաւատիրութենէն չհրաժարող սերունդներուն: Անոնց համար, Գետաշէնն ու Շահումեանը անվերադարձ չեն
կորսուած, Շուշին «տժգոյն ու դժբախտ» չէ, ամբողջ Արցախն ու մեր բռնագրաւեալ հողերը Գետաշէն են ու
Շահումեան: Հայութիւնը կը մերժէ՛ ընդունիլ Երեւանի իշխանաւորներուն պարտուողականութիւնը, Հայաստանի այս
կամ այն շրջանը ազերիական հռչակելու եւ թշնամիին գործակալը մնալու վատոգի վարքագիծը:
Հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր, հիմա արթնութիւն մը կ’ապրի, շնորհիւ
հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն մրճահարումներուն, դիմակները պատռելու գործին եւ ժողովուրդը
համընդհանուր ըմբոստացումի առաջնորդող դրօշին: Այս երթը իր կողքին ունի ո՛չ միայն Տաւուշի վտանգուած
գիւղերուն բնակիչները, այլ Հայ Եկեղեցին, մտաւորականներ, պատմագէտներ, քարտէսագէտներ, դիւանագէտներ,
զինուորականներ, մէկ խօսքով՝ ամբո՛ղջ ազգը, որովհետեւ անամպ երկինքին մէջ բազմած արեւուն պէս յստակ է, որ
Հայաստանի ու հայկական պետականութեան գոյութիւնը – եւ ո՛չ միայն սահմանային այս կամ այն շրջանը – դրուած
են կորստեան ճամբու մէջ, սպառնալիքը կը տարածուի դէպի սփիւռքեան ափեր:


Օր ըստ օրէ ծաւալող արթնութիւնը պիտի չսահմանափակուի լոկ Տաւուշէն սկսած՝ կեղծ սահմանազատումն
ու սահմանագծումը կասեցնելով, այլ յիշողութեանց մէջ պիտի արթնցնէ, որ թուրք-ազերիական պարտադրանքներով
«ստեղծուող» սահմանները ո՛չ մէկ հիմք ունին, պիտի յիշեցնէ՝ որ Հայաստանի սահմանները Տաւուշէն մինչեւ
Սիւնիք չեն երկարիր, այլ կը ներփակեն Արցախը՝ իր Գետաշէնով ու Շահումեանով, մեզմէ խլուած բոլոր
հողամասերով: Լիարժէք արթնութիւն՝ պիտի նշանակէ ձերբազատիլ թշնամիին հետ գործակցաբար՝ իշխանաւորներուն
հրամցուցած կեղծ տեսութիւններէն, հնարքներէն, Հայաստանը տեսնել իր ամբողջութեան մէջ, եւ ո՛չ թէ
խորհրդայիններու օրով կամայականօրէն գծուած այս կամ այն քարտէսով:
Աւելի՛ն, պիտի չմոռնանք, որ Հայաստանի սահմանները կը ներփակեն Նախիջեւանը, Կարսը, Վանն ու
Սասունը, մէկ խօսքով, բոլոր այն հողերը, որոնք բռնի կերպով խլուած են մեզմէ ու հայաթափուած (ի՜նչ խօսք, որ
Հայաստանէն նուէր տրուելիք հողամասերուն՝ կը սպառնայ նոր հայաթափում, ինչպէս եղաւ Արցախի մէջ, սկսելով
Հատրութէն ու Աղաւնոյէն…): Այդ բոլորին վերատիրացումը հրամայական կը դարձնեն թշնամիին գործակալներուն
հեռացումը, մշակումը արդար հիմունքներով ամբողջական ծրագիրի մը, որուն իրականացումը կը կարօտի փուլային
մարտավարութեան: Նման ծրագիր ո՛չ միայն իր շուրջ պիտի համախմբէ հայութեան մասնագիտական ներուժը,,
բանակէն ու ոստիկանութենէն մինչեւ կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ (յարանուանութիւնները), ժողովրդային
խմբաւորումները, այլ նաեւ ամբո՛ղջ Սփիւռքը՝ իր ամբողջական ներուժով:
Սահակ Սահակեանի ու նմաններու մահուան գոյժը տրտմեցնող է, սակայն հայրենասիրութեան ու «Քեզ
յաղթել չի լինի, իմ քա՛ջ Գետաշէն» պատգամը պիտի ապրի մեր մէջ, պիտի բանայ վերականգնումի լուսաւոր ուղին:


29 Ապրիլ 2024

Share