Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Հայրենակիցներու Ներկայութիւնը Կարեւոր Ուղերձ Պիտի Ըլլայ Ընդդիմութեան` Հետագայ Քայլերու Համար»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Հայրենակիցներու Ներկայութիւնը Կարեւոր Ուղերձ Պիտի Ըլլայ Ընդդիմութեան` Հետագայ Քայլերու Համար»

2 սեպտեմբերին` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, ի պաշտպանութիւն Արցախի կայանալիք հանրահաւաքի կազմակերպումը իրականացած է ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ, սակայն մեծ աջակցութիւն ստացած է տարբեր քաղաքական ուժերու, գործիչներու եւ անձերու կողմէ: Այս մասին «Երկիր» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Անոր համաձայն, ասիկա մէկ ուժի հանրահաւաք չէ, ու կարեւոր է երկու ժամով գալ հրապարակ եւ ցոյց տալ, թէ մենք արցախցիի կողքին ենք, դէմ ենք Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան եւ ցոյց տանք միջազգային հանրութեան, որ դէմ ենք ամէն ինչի, որ կը կատարուի Արցախի մէջ:

«2 սեպտեմբերի հանրահաւաքը շատ կարեւոր է հետագայ քայլերուն եւ գործողութիւններուն համար, բայց այս մէկը ունի իր օրակարգը, նպատակը», շեշտեց Իշխան Սաղաթէլեան եւ ըսաւ, թէ ճիշդ, հետեւողական աշխատանքի պարագային կարելի է մեր հայրենակիցները դուրս բերել համընդհանուր, համաժողովրդական պայքարի:

Սաղաթէլեան անդրադարձաւ նաեւ հանրահաւաքի կազմակերպման ուղղուած քննադատութիւններուն` նշելով, որ երբ զիրենք ընտրողները կը քննադատեն ու աւելի արդիւնաւէտ քայլեր կ՛ակնկալեն` բնական է, բայց երբ քննադատողները այլ կուսակցութեան անդամներն ու ղեկավարներն են` ծիծաղելի է: «Եթէ մենք չէինք ըներ, ընէիք, ո՞ւր էիք»,-ընդգծեց ան:

Share