«Այնքան Ատեն Որ Տակաւին Նոր Ճամբան Չէ Գործարկուած, Ռուս Խաղաղապահները Գործող Միջանցքէն Ոչ Մէկ Սանթիմեթր Պիտի Շարժին» Կ՛ըսէ Սելեզնիով

«Այնքան Ատեն Որ Տակաւին Նոր Ճամբան Չէ Գործարկուած, Ռուս Խաղաղապահները Գործող Միջանցքէն Ոչ Մէկ Սանթիմեթր Պիտի Շարժին» Կ՛ըսէ Սելեզնիով

Ռուս խաղաղապահները ոչ մէկ սանթիմեթր պիտի շարժին Լաչինի գործող միջանցքէն, այնքան ատեն որ տակաւին նոր ճամբան չէ շահագործուած: Երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան խորհրդական-դեսպանորդ Մաքսիմ Սելեզնիով:

Բարձրաստիճան դիւանագէտը ընդգծած է, որ այս առնչութեամբ համաձայնութիւններ կան, եւ կողմերը ուղիղ կապի մէջ են` առանց մանրամասնելու, թէ խօսքը ի՛նչ համաձայնութիւններու մասին է եւ ճիշդ որո՛ւ միջեւ:

«Ռուս խաղաղապահները պիտի վերատեղաբաշխուին միայն այն պահուն, երբ Լաչինի նոր միջանցքը բացուի: Եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած են այն քայլերը, քայլերու հերթականութիւնը` նախ կը կառուցուի միջանցքը, եւ մինչեւ սկսի գործել, ռուս խաղաղապահները կը տեղակայուին հինգ քիլոմեթրնոց միջանցքին մէջ` այդ ճամբուն շուրջ», նշած է Սելեզնիով:

«Ռուս խաղաղապահները նոր միջանցքին վրայ պիտի չտեղակայուին, այնքան ատեն որ տակաւին անիկա չէ գործարկուած, եւ այդ առնչութեամբ համաձայնութիւններ կան: Կողմերը ուղիղ կապի մէջ են, եւ ձեզի կը վստահեցնեմ` խաղաղապահները ոչ մէկ սանթիմեթր պիտի շարժին, այնքան ատեն որ տակաւին նոր միջանցքը չկայ», աւելցուցած է Մաքսիմ Սելեզնիով:

Share