Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յայտարարութեան, որով ան մեղադրած էր Ռուսիան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը սրելու եւ շրջանին մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու յանցանքով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, թէ Ռուսիան կ՛օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը` Հարաւային Կովկասը ապակայունացնելու համար, բացարձակապէս անընդունելի է:
«Նման յարձակումները համահունչ են Ռուսիան հրէշաւոր ներկայացնելու Արեւմուտքի հակառուսական գիծին եւ կը խօսին առճակատման տրամաբանութիւնը Ուքրանիայէն յետխորհրդային այլ տարածքներ, որոնց շարքին` Հարաւային Կովկաս տեղափոխելու փորձերու մասին», նշած է Զախարովա:
Ըստ անոր, Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնները կը խօսին այն մասին, թէ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու առնչութեամբ Փարիզը շահագրգռուած չէ, եւ թէ այդ յայտարարութիւնները կասկածի տակ կը դնեն շրջանին մէջ կառուցողական դեր խաղալու Ֆրանսայի կարողութիւնը:
Ըստ Զախարովայի, ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, Ռուսիան գործնականօրէն նպաստած է տագնապին լուծման` յիշեցնելով, որ Ռուսիան վճռորոշ ներդրում ունեցած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման հարցին մէջ:
«Ատոր համաձայն, տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ մնալ շրջանի անվտանգութեան երաշխաւորը: Խաղաղապահները արդիւնաւէտօրէն կը կանխեն միջադէպերը իրենց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, կ՛օգնեն խաղաղ կեանք հաստատել, մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրեն, ենթակառուցուածքներ կը վերականգնեն: Անոնց օգնութեամբ 53 հազար գաղթական վերադարձած է տուն, աւելի քան 2 հազար զոհերու դիակ յանձնուած է, ընդհանուր առմամբ վերադարձուած է 146 գերի, վնասազերծուած է աւելի քան 25 հազար պայթուցիկ առարկայ», յայտարարած է Զախարովա:
«Փարիզի փորձերը` սեպ խրելու մեզի բարեկամ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ, երկիրներ, որոնց հետ Ռուսիան երկարամեայ եւ բազմակողմանի կապեր ունի, դատապարտուած են ձախողութեան եւ միայն կը յանգեցնեն շրջանին մէջ Ֆրանսայի հեղինակութեան հետագայ արժեզրկման», ըսած է Զախարովա: