«Սուրմալու»-ի Պայթումին Հարցով Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Բողոքագիր Յղած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան

«Սուրմալու»-ի Պայթումին Հարցով Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Բողոքագիր Յղած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը բողոքագիր յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` 14 օգոստոսին  «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումին վերաբերեալ մամուլին մէջ ռուսական կառոյցներու հասցէին հնչած մեղադրանքներուն առնչութեամբ:

«Վրդովուած ենք Հայաստանի տեղական տեղեկատուական տարածքին մէջ շրջանառուող անպատկառ նիւթերէն, որոնք հայհոյախառն ու կեղծ մեղադրանքներ կը պարունակեն ռուսական կառոյցներուն հասցէին` այս տարուան 14 օգոստոսին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան ներգրաւուածութեան համար:

«Մենք ասիկա կը նկատենք ուղղակի սադրանք այն քաղաքական ուժերուն կողմէ, որոնք կանգնած են նման ակնարկներու ետին, որոնց նպատակն է խաթարել ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւնները: Մենք Հայաստանի իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք քայլեր` ուղղուած նման անբարեացակամ դրսեւորումները ճնշելուն, ներառեալ անհրաժեշտ հանրային մեկնաբանութիւնները:

«Բողոքագիրը դեսպանատան կողմէ ուղարկուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:

«Նշենք, որ ռուսական կողմը` ի դէմս Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի, առաջին իսկ վայրկեաններէն ներգրաւուած է ողբերգութեան հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն մէջ», նշուած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:

Share