Ռուբէն Վարդանեանի դատական նախնական նիստի մեկնարկ

Ռուբէն Վարդանեանի դատական նախնական նիստի մեկնարկ

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով նախնական դատական նիստին ազդանշանը տրուեցաւ: Ատրպէյճանական ԱՓԱ գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ նիստը անցած է «բաց դրութեամբ»: Սակայն դատավարութիւնը անցած են փակ դռներու ետին: Նիստերուն թոյլատրած են մասնակցիլ միայն Ատրպէյճանի երկու պաշտօնական լրատուամիջոցներու` «Ազ. Թի. Վի.»-ի եւ «Ազերթաճ»-ի աշխատակիցներուն:

Ռուբէն Վարդանեանը կը դատուի առանձին: Այս դատավարութեան ընթացքին մեղադրանքը պիտի պաշտպանեն վեց դատախազներ, որոնցմէ երկուքը գլխաւոր դատախազ Քեմրան Ալիեւի օգնականներն են:

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը արձագանգեց Ռուբէն Վարդանեանի վիճակին՝ նշելով, որ Ապրիլ 2024-ին ան հացադուլ յայտարարեց, եւ իբրեւ պատիժ, ըստ անոր փաստաբաններուն, զայն տեղափոխեցին մենախուց մը։

Լուսարձակի տակ կ՛առնուի այս մասին Վարդանեանի ամերիկացի փաստաբան Ճերըտ Կենսըրի յայտարարութիւնը, որուն մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած է թէ՛ բանտին եւ թէ մենախուցին մէջ անոր դիմագրաւած վատ պայմանները, ջուրէ եւ մաքրութեան տարրական պայմաններէ զրկուիլը, լուացարանի թուղթ չապահովելը, գրել-կարդալ արգիլելը եւ այլն:

«Պի.Պի.Սի.»ն կը մէջբերէ Վարդանեանի որդիին` Դաւիթին վկայութիւնը. անոր հայրը նամակներ կը գրէ եւ կ՛ուղարկէ, բայց անոնք երբեք չեն հասնիր իրենց հասցէատէրերուն: Բժիշկներուն կ՛արգիլուի անոր հետ տեսակցիլը եւ այլն։

Share