Ռուբէն Վարդանեան Նշանակուած Է Արցախի Պետական Նախարար

Ռուբէն Վարդանեան Նշանակուած Է Արցախի Պետական Նախարար

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով Ռուբէն Վարդանեան նշանակուած է Արցախի պետական նախարար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Արցախի նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով Արտակ Բեգլարեան ազատ կացուցուած է Արցախի պետական նախարարի պաշտօնէն:

Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագիրով` փոփոխութիւն կատարուած է «Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի կողմէ նախարարներու գործունէութեան համակարգման մասին» Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրին մէջ: Ըստ նոր հրամանագիրին, պետական նախարարը պիտի համակարգէ հետեւեալ նախարարներու գործունէութիւնը`

1) առողջապահութեան նախարար,
2) արդարադատութեան նախարար,
3) արտաքին գործոց նախարար,
4) գիւղատնտեսութեան նախարար,
5) կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար,
6) Ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարար,
7) տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար,
8) քաղաքաշինութեան նախարար,
9) ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար:

Նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով` փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարուած են «Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ պետական կառավարման այլ մարմիններու գործունէութեան կազմակերպման կարգը սահմանելու մասին»  Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրին մէջ, համաձայն որուն` պետական նախարարին վերապահուած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պետական կառավարման հետեւեալ մարմիններու ղեկավարներու գործունէութեան համակարգման գործառոյթներ`

  • պետական վերահսկողական ծառայութեան պետի,
  • պետական արձանագրութիւններու եւ պետական գոյքի կառավարման կոմիտէի նախագահի,
  • նիւթական վնասներու հարցերու կոմիտէի նախագահի,
  • պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի,
  • պետական տեսչութիւններու կառավարման կոմիտէի նախագահի,
  • ջրային կոմիտէի նախագահի:
Share