Ազգ. Ռոզ և Ալեք Փիլիպիս վարժարանը կ՛ընդարձակուի

Ազգ. Ռոզ և Ալեք Փիլիպիս վարժարանը կ՛ընդարձակուի

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. վարժարաններու բարգաւաճումը բանիւ ու գործով իրականացնելու տեսիլքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հետամուտ ըլլալով մեր վարժարաններու առաւել ընդարձակման այնքան կարեւոր նպատակի յաջողութեան: Այս ծիրէն ներս, մնայուն խորհրդակցութեամբ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի ու անդամներու, Խնամակալ մարմինի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեանի ու անդամներու, Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Վահէ Թաշճեանի ու անդամներու եւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Մարալ Դաւիթեանի հետ, ձեռք ձգուեցաւ Հոլիվուտի Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի կողքին, «Ալեքսանտրիա» թաղամասին մէջ նոր հողաշերտ մը, 6800 քառակուսի ոտք տարածութեամբ:

Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ այս նոր տարածքը՝ տարուէ տարի աշակերտութեան թիւի մեծ յաւելում արձանագրող ու բարգաւաճող հայկական վարժարանին ու Հոլիվուտի հայ համայնքի կարիքներու բաւարարման ճամբուն վրայ կը հանդիսանայ կարեւոր ազդակ եւ միաժամանակ առիթ, որ կրթական 2023-2024 տարեշրջանին, վարժարանը ընդունի նկատառելի թիւով նոր աշակերտներ՝ իրականացնելով Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին տարիներո՜վ փայփայած նշանակալի երազը:

Յատնենք նաեւ, որ նշեալ նոր կալուածը վարժարանի կարիքներուն պատշաճեցնելու աշխատանքները բծախնդիր ուսումնասիրութեան տակ են եւ ի մօտոյ յարմարագոյն նախագիծը կը դրուի գործադրութեան:  

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս կը հաստատէ իր մտածումը՝ վերաշեշտելով, որ Արեւմտեան Թեմը իր եկեղեցիներով եւ Ազգ. վարժարաններով դէպի արշալոյսներ կը վազէ Աստուծոյ օրհնութեամբ, բարերարներու անվերապահ զօրակցութեամբ եւ մեր ժողովուրդի ամենաջերմ վստահութեամբ: 

Share