Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, յանուն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան մասնակից դարձաւ ամէնամեայ «Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օր»ուան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ:
Այս առիթով Հայր սուրբը իր սրտին խօսքին ընդմէջէն վեր առաւ կարեւորութիւնը նման աղօթական հաւաքներու՝ դիտել տալով, որ ներկայ աշխարհը լեցուն է անհամար ցաւերով, գաղթականներով, մարդկային ու հողային կորուստներով, իսկ այս բոլորին համար՝ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է որ աղօթքի եւ աշխատանքի ճամբով իր ներդրումը ունենայ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը երկրի վրայ իրագործելու եւ համայն մարդկութեան համար յոյսի եւ լոյսի փարոս դառնալու, շեշտեց ան:
Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Հոգեւոր հայրերու եւ սարկաւագներու, Մեծ Պահոց տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի «Արարատ Տուն», ուր կատարեց արեւագալի ժամերգութիւն և աղօթեց ու բարի մաղթանքները փոխացեց հաստատութեան բնակիչներուն, տնօրէնութեան, բոլոր հիւանդապահներուն եւ պաշտօնէութեան:
Իր խօսքին մէջ, Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ պահեցողութիւնը մարդուս կեանքին մէջ հոգեւոր աճման կարեւոր շրջան է, որուն ընթացքին քրիստոնեայ անհատը յարութենական յոյսով ամրապնդուած՝ ինքնամարզումի ճամբով կ՛ենթարկուի տեսակ-տեսակ զրկանքներու եւ ժուժկալութեան: Այսպիսով ինքզինք իրագործելով՝ ան իբրեւ գիտակից քրիստոնեայ մարդ, պատրաստ կ՛ըլլայ դիմաւորելու Ս. Զատկուան խորհուրդն ու անոր յաղթական շնորհները, դիտել տուաւ ան: