Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան Չորեքշաբթի, 17 Յունուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Կաթողիկէ համայնքի Լոս Անճելըս քաղաքի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցեցաւ Հայ Կանանց Միջազգային ընկերակցութեան կազմակերպած աղօթական հաւաքին՝ վասն զօրակցութեան Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուող հայերու, եւ արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանին սրտի խօսքը: Իսկ Շաբաթ, 20 Յունուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Հայր Սուրբը Առաջնորդ Սրբազանը ներկայացուց համանուն եկեղեցւոյ մէջ կատարուած միջ-եկեղեցական հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօնին, նուիրուած՝ վիժումի հետեւանքով ապրելու իրաւունքէ զրկուած, տակաւին չծնած հոգիներու խաղաղութեան:
