Ազգային առաջնորդարանի Ֆէյսբուքի կայքի համաձայն՝
Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանին, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Կարօ Մատէնլեանին եւ անդամներու: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէթլեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան համահայկական հարցեր, այլեւ Հայաստանի, արցախահայութեան եւ Սփիւռքի գաղութներու կեանքը յուզող զանազան մտահոգութիւններ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան շրջանի կեանքի բարելաւման հետ կապուած ծրագիրներ:
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչները, շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ.-ի 134-ամեայ երթը եւ նորոգ ուժ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: