Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու տարածաշրջանային խորհրադաժողով Թեհրանում

Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու տարածաշրջանային խորհրադաժողով Թեհրանում

Ապրիլ 2024-ին, Թեհրանի մէջ, Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական Գրասենեակին կազմակերպութեամբ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու պատանիներու տարածաշրջանային յատուկ խորհրադաժողովը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի, Արցախի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատանեան միութիւններէն 23 պատանիներ ու վարիչներ, Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական խորհուրդէն անդամներ եւ հիւրընկալող շրջանէն ներկայացուցիչներ:

Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները քննարկեցին ազգային ինքնութեան ու արժեհամակարգին, հայրենասիրական ու ազգային դաստիարակութեան, միութենական կեանքի եւ պատանիի տիպարին ու առաքելութեան առնչուած օրակարգեր:

Պատանիները իրազեկ դարձան նաեւ անցնող հնգամեակին Արցախի քաղաքական անցուդարձերուն եւ արցախցիներուն հայրենի տուն վերադառնալու անկոտրում կամքին: Պատանիները հաստատեցին, որ Արցախի հարցը փակուած կարելի չէ համարել մինչեւ անոր արդար լուծումը:

Միջին Արեւելքի քաղաքական, ապահովական, ընկերային թէ այլ բազմաբնոյթ կացութիւններու, իրավիճակներու ու մթնոլորտի մէջ հասունցած պատանիները` դրսեւորեցին լրջախոհ կեցուածք եւ որպէս դաշնակցական պատանի իրենց կոչումը արդարացուցին:

Share