Փաշինեանը փոխելու շարժումը չմարիր, այլ նոր թափ կը ստանայ

Փաշինեանը փոխելու շարժումը չմարիր, այլ նոր թափ կը ստանայ

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանը իր հազարաւոր հետեւորդներուն հետ սկսաւ դէպի Երեւան ուղղուիլ, շատեր կը մտածէին, թէ ինչ պիտի պատահի Մայիս 9-ին, երբ անոնք Հանրապետութեան հրապարակ հասնին, ուր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակները կը գտնուին։

Երեւան ժամանելէ ետք,  Բագրատ Սրբազանը Փաշինեանին հրաժարական տալու մէկ ժամ ժամանակ տուաւ: Երբ ժամը լրացաւ եւ ան հրաժարական չտուաւ, Սրբազանը յայտարարեց, որ յաջորդ օրուընէ սկսեալ ամբողջ երկրի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններ սկիզբ պիտի առնեն։ Ան իր հետեւորդները յորդորեց խաղաղ ցոյցեր կատարել եւ որեւէ բռնութիւն չկիրարկել։

Փաշինեանը յոյս ունէր, որ ցուցարարներու թիւը ժամանակի ընթացքին կը նուազի եւ շարժումը կը մարի։ Վարչախումբը ամէն ինչ ըրաւ Սրբազանն ու ցուցարարները անարգելու եւ զրպարտելու համար։ Իշխանական քարոզիչները յայտարարեցին, որ Մայիս 9-ին Հանրապետութեան հրապարակ գտնուած է ընդամէնը 20000 ցուցարար, մինչդեռ դիտորդներու մեծ մասը վկայած է, թէ գտնուողներու թիւը քանի մը անգամ աւելի շատ է։ Վեց տարի շարունակ հազարաւոր սուտերով մոլորեցնելով հայ հասարակութիւնը՝ Փաշինեանը շարունակեց իր խաբուսիկ գործելաոճը՝ առանց որեւէ ապացոյցի պնդելով, որ ցուցարարները Քրեմլինի գործակալներ են, որոնց գումար վճարած են այս ցոյցերուն մասնակցելու համար: Կառավարութեան ղեկավարները ո՛չ միայն Սրբազանը կը ծաղրէին, այլեւ Հայոց Եկեղեցին, որ հովուած է հայ ազգը 301 թուականէն ի վեր, յատկապէս հայկական պետականութեան բացակայութեան ժամանակ:

Վարչապետի համակիրներու թիւը նուազած է՝ հիասթափութիւն պատճառելով անոր համախոհներուն, որովհետեւ անոր վարկանիշը վեց տարիներ առաջուան 80 տոկոսէն հիմա նուազած է 8 տոկոսի։ Սրբազանը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երկրորդ հանրահաւաքը կազմակերպեց, որուն ներկայ գտնուեցան տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ: Չնայած Փաշինեանի ոստիկանութեան բիրտ  գործողություններուն, ինչպէս նաեւ դաժանօրէն խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակումներուն, շարժումը ո՛չ միայն չդադրեցաւ, այլ աւելի մեծ թափ ստացաւ։ Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ իրաւաբաններու, բժիշկներու, պաշտօնաթող զինուորականներու, արուեստագէտներու եւ ընդդիմութեան տասնեակ ղեկավարներու հետ։

Սրբազանը ապացուցեց Փաշինեանի հետեւորդներու կրկնուող հաստատումներուն կեղծ լինելիութիւնը, թէ ոչ ոք կրնայ վարչապետը փոխարինել։ Սրբազանը կրցաւ առաջին անգամ ըլլալով  տարբեր ընդդիմադիր խմբաւորումները միաւորել։ Հանրութեան լայն  շերտերը, որոնք վրդովուած էին Փաշինեանի Ատրպէյճանին պարտուողական զիջումներէն, Սրբազանի խաղաղ, բայց հրատապ փոփոխութիւններու ուղերձը խանդավառութեամբ արձագանգեցին։

Վերջապէս, Մայիս 26-ին տեղի ունեցաւ Սրբազանի երկար սպասուած մեծ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին հնչեցին քանի մը կարեւոր յայտարարութիւններ: Ներկաները ըսին, որ Սրբազանը ժամանակաւորապէս պիտի փոխարինէ Փաշինեանը, որմէ ետք համախոհական կառավարութիւն կը ձեւաւորուի, որուն կը յաջորդեն խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ ապա նոր վարչապետ կ’ընտրուի: Չնայած Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ վարչապետը նախորդող չորս տարիներու ընթացքին բացառապէս պէտք է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլայ, Սրբազանի հետեւորդները կը կարծեն, որ Հայաստանի եւ Գանատայի երկքաղաքացիութիւնը իրեն արգելք չի հանդիսանար ժամանակաւորապէս վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու: Սրբազան Հայրը պարտաւորուեցաւ առաջնորդուելու բացառապէս իրաւական պահանջքներով: Զաւեշտալի է, որ Փաշինեանի վարչախումբը, որ խախտած է գրեթէ բոլոր գործող օրէնքները, ցուցարարներներէն կը պահանջէ՝ պահպանել երկրի օրէնքները:

Մայիս 26-ի հանրահաւաքին Սրբազանը նաեւ յայտարարեց, որ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսի հետ խորհրդակցելէ ետք որոշած է, որ ինք իր 30-ամեայ հոգեւոր ծառայութիւնը կը սառեցնէ՝ քաղաքական գործունէութիւնը իր կրօնական կարգի հետ չհամատեղելու համար։

Սրբազանը կը փորձէ նոյն ձեւով Փաշինեանը տապալել, այնպէս ինչպէս վերջինս տապալեց վարչապետ Սերժ Սարգսեանը: Փաշինեանը եւ իր հետեւորդները իշխանութեան գալու համար խախտած են տասնեակ օրենքներ՝ արգելափակելով փողոցները, խորհրդարանի շէնքը, դատարանները եւ կոտրելով Հայաստանի ռադիոտան փակ դռները: Սակայն Փաշինեանը կը կարծէ, որ միայն ի՛նք կրնայ օրէնքը խախտել: Զարմանալի է, որ ան նոյնիսկ գոռոզամտութեամբ յայտարարեց․ «Ինչու այսօր Հայաստանի մէջ դատաւո՞ր կայ, որ կրնայ վարչապետի ըսածը չկատարել»։

Փաշինեանը իր բարբարոսական ոստիկանութեան հրաման տուած է ջարդել իր հայ հակառակորդներու գլուխները, ինչպէս ինք յայտարարած էր 2021 թուականին մուրճը ձեռքին, խորհրդարանական քարոզարշաւի ժամանակ։ Սակայն եւ այնպէս ան կը մոռնայ, թէ տարիներ առաջ ինք ինչ կատարած էր Սերժ Սարգսեանի դէմ եւ շարունակաբար կը պնդէ, թէ ինք ժողովրդարութեան ջատագովն է։ Զարմանալին այն է, որ Փաշինեանը երբեք նման գռեհիկ բառապաշար չ’օգտագործեր Հայաստանի իսկական թշնամիներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ, որոնց ղեկավարները ամէնէն վիրաւորական յայտարարութիւններ կը կատարեն Հայաստանի մասին:

Մայիս 26-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած զանգուածային հանրահաւաքի աւարտին, Սրբազան Հայրը իր հետեւորդներուն հետ ուղղուեցաւ դէպի վարչապետի առանձնատուն եւ պահանջեց հանդիպիլ անոր հետ եւ ըսել, որ հրաժարական տայ: Սակայն, պարզուեցաւ, որ Փաշինեանը տունը չէր, մեկնած էր Հայաստանի հիւսիս՝ ջրհեղեղէն տուժած շրջաններ:

Այնուհետեւ, Սրբազանը մասնակիցները առաջնորդեց դէպի Հանրապետութեան հրապարակ, ուր քանի մը ժամ առաջ հանրահաւաքը սկսած էր։ Ան իր հետեւորդները յորդորեց քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններ իրականացնել ամբողջ երկրին մէջ՝ Փաշինեանը ճնշելու, որպէսզի ան հրաժարական տայ։

Սա Հայաստանի վերջին հնարաւորութիւնն է՝ փրկելու երկիրը պարտուած եւ ապաշնորհ ղեկավարէն՝ Փաշինեանէն, որ պատրաստ է Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի հրամաններուն հետեւելու եւ երթալու անօրինական ու միակողմանի անվերջ զիջումներու՝ մինչեւ Հայաստանի ամբողջական կորուստը՝ Արցախի կորուստէն յետոյ…

Թարգմանութիւնը՝ Ռուզաննա Աւագեանի

Share