Բողոքի ցոյցեր Ուաշինկթընի մէջ՝ Փաշինեանի այցելութեան առթիւ

Բողոքի ցոյցեր Ուաշինկթընի մէջ՝ Փաշինեանի այցելութեան առթիւ

Հայ երիտասարդները կը ներկայացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձախողած քաղաքականութիւնը՝բողոքելով անոր այս շաբաթուան Ուաշինկթընեան այցելութեան դէմ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ․- Ամերիկահայ երիտասարդութիւնը ցոյց մը կատարեց դեսպանատան դիմաց, Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութեան առթիւ։ Երիտասարդներուն բարձրացուցած ցուցապաստառներուբ վրայ գրուած էին՝ «Գերիները Մոռցուած» եւ «Արցախը Դաւաճանուած»։ Անոնք բռնօրէն կը դատապարտէին Փաշինեանի այն քաղաքականութիւնը, որ վտանգի տակ դրած է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ լքած է Արցախն ու անոր ժողովուրդը։

Ուաշինկթըն այցելելով, ան կը փորձէ վերականգնել իր վարկը, յատկապէս ուռանալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անտեսելով Սփիւռքը։

«Փաշինեան նախընտրած է ժամանել Ուաաշինկթըն՝ մեր քաղաքը, եւ կը սպասէ, որ մենք զինք պատուենք, հանդիսանանք անոր բեմադրութեան մասնիկը եւ լռութեամբ ընդունինք հայկական հողերու ու կեանքերու յանձնումը, ժողովրդավարութեան եւ արժանապատուութեան կորուստը։ Սակայն, մենք բացարձակապէս կը մերժենք նմանօրինակ քաղաքականութիւն եւ կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ մեր իսկական ազգային արժէքներուն եւ շահերուն», կը նշուի Հ․ Յ․ Դ․-ի Ուաշինկթընի «Սեպուհ» կոմիտէութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղի ատենապետ Վարդգէս Փամպուքեան եւս անդրադարձաւ հարցին, նշելով. «Սփիւռքը կը պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախին համար։ Փաշինեան Ուաշինկթըն այցելելով, մենք պիտի չլռենք։ Մենք դէմ ենք իր որդեգրած քաղաքականութեան»։

Հ․Ե․Դ․ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Նայիրի Շահնազարեան, իր կարգին շեշտեց, թէ «Մեր պատգամը Փաշինեանին այն է, որ Հայրենիքը իրենը չէ, որ ծախէ ու յանձնէ։ Եւ մեր պատգամը Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին այն է, որ մենք ձեր հետ ենք։ Հայաստանի ապահովութիւնը, Արցախի ժողովուրդի անվտանգ վերադարձը եւ մեր ռազմագերիներու ազատ արձակումը ամենակարեւոր հարցերն են, որոնք մենք պիտի պաշտպանենք։ Ուաշինկթընի մէջ, կրնայ Փաշինեան լուռ մնալ այս թեմաներուն մասին, բայց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը միշտ առաջին գիծի վրայ է այս հարցերով։ Իր անխոհեմ քաղաքականութիւնը մեզ հասցուց Արցախի ցեղասպանութեան եւ մեր հողերու գրաւման։ Մեր ամենամեծ մտահոգութիւնը այն է, որ շարունակելով այս ուղին՝ Հայաստանը եւս պիտի կորսնցնենք»։

Այս ցոյցերը կը շեշտեն սփիւռքի՝ յատկապէս երիտասարդներու հետզհետէ աւելի դժգոհութիւնը։ Անոնք Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը կը նկատեն ազգային շահերու դաւաճանութիւն։ Երբ ան կը փորձէ կապեր հաստատել Ամերիկայի պետական պաշտօնեաներու եւ հայ համայնքի հետ, իր ընդդիմադիրները վճռակամ կը մնան՝ բարձրաձայնելու իրենց մտահոգութիւնները եւ բաժնելու ցաւերը։

Share