Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Օրէնճ Քուանթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ, քարոզեց եւ օրհնեց եկեղեցոյ նոր զանգը, նուիրուած՝ Տէր եւ Տիկին Զոհրապ եւ Սեդա Ղազարեան ընտանիքին կողմէ, ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ ծնողաց:
Արդարեւ, Օրէնճ Քուանթիի մէջ հոգեւոր եւ մշակութային տօն էր Կիրակի: Եկեղեցւոյ Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, նախկին Հովիւ՝ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հիմնադիրներու, բարերարերու, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներու, շրջանի Ազգային երեսփոխաններու, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի պատասխանատուներու եւ աշակերտներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան:
Իր քարոզին նշանաբանը վերցնելով եկեղեցւոյ շարականագիրքէն, Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանը քրիստոնէացուց, իսկ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ հայոց տառերու ստեղծումով քրիստոնէութեան շնորհեց հայկական զօրեղ նկարագիր, որովհետեւ, շնորհիւ հայոց գիրերու գիւտին, մեր ազգը սկսաւ հասկնալ «թագուհի թարգմանութեանց» տիտղոսին արժանացած հայատառ եւ հայախօս Աստուածաշունչը եւ զայն ամբողջ էութեամբ որդեգրեց եւ դարձուց իր ինքնութեան մաս: Բացատրելով, ան նաեւ հաստատեց, որ Թարգմանչաց տօնը ամէնամեայ ժամադրութիւն ու հանդիպում է մեր ինքնութեան հետ, որովհետեւ շնորհիւ այս տօնին Աստուած հայերէն խօսեցաւ մեր ժողովուրդին հետ, որ իր ազգային բնիկ լեզուով սկսաւ հասկնալ ու ըմբռնել երկինքն ու յաւիտենական կեանքի խորհուրդը եւ տոգորուեցաւ անցողիկը մնայունին զոհելու պատրաստակամութեամբ ու յաւիտենական կեանքը ժառանգելու գաղափարը դարձուց երկրային կեանքի գերագոյն նպատակը: