Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի ներկայացուցիչները

Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ՝ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գովեստով արտայայտուեցաւ մարդկային կեանքի փրկութեան ժամանակակից միջոցներէն՝ ոսկրածուծի պատուաստումով ծանր հիւանդներ բուժելու ուղղութեամբ ժրաջան աշխատանքի լծուած հայկական այս հիմնարկի գործունէութեան մասին եւ վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը հիմնարկի ծրագիրներուն:

Վարչութեան անունով Տոքթ. Ճորտըն շնորհաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութիւնը, ներկայացուց Հ. Ո. հիմնարկի 25-ամեայ գործունէութեան արձանագրած նուաճումները ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ մարդկութեան մեծ ընտանիքի բժշկագիտական կեանքին մէջ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հիմնարկի ներկայ ու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Ապա, յանուն վարչութեան, ան խնդրամատոյց եղաւ Առաջնորդ Սրբազանին՝ իր ներկայութեամբ պատուելու Հ. Ո. հիմնարկի 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի, 25 Օգոստոս 2024-ին:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի քառորդ դարու երթը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր աշխատանքներուն, գնահատեց անձնուէր վարչութիւնն ու նախագահը, որոնք անվճար կը շարունակեն գիտական արդի ձեւերով փրկել մարդկային կեանքեր, հայրաբար յաջողութիւն մաղթեց հիմնարկին եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց այցելուներուն:

Share