Փիքօ Ռիվերա
Երեքթաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, այցելեց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան, ուր ընդունուեցաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Օր. Լենա Կարապետեանի, Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի վարիչ Տիկին Անգին Իսկաճեանի, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Տիար Քրիս Կիւլճեանի եւ անդամներ Ժիրայր Փօլատեանի, Գոհարիկ Գաբրիէլի, Թամար Ուրիշեանի կողմէ: Վարժարանի աշակերտները եւս կարգով շարուած շրջափակին մէջ՝ սիրալիր ողջունեցին Առաջնորդի գալուստը:
Առաջին հերթին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Մանկամսուրի բաժինը, ուր սիրասուն փոքրիկները ներկայացուցին կարճ յայտագիր մը: Ապա Առաջնորդ Սրբազանը անցաւ վարժարանի մարզասրահ, ուր հաւաքուած էին մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ կարգի բոլոր աշակերտները եւ սիրալիր ընդունեցին Առաջնորդ Սրբազանը եւ ներկայացուցին գեղեցիկ յայտագիր մը:
Յայտագրի աւարտին իր սրտի խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանի պատասխանատուներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն եւ շեշտեց Ազգային վարժարաններու տեղն ու դերը հայ քրիստոնեայ աշակերտութեան հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ մեր մատղաշ սերունդին մօտ հայու ոգին փոխանցելու մէջ, ապա յորդորեց աշակերտները տէր կանգնելու մեր ոսկեղնիկ լեզուին, անեղծ պահելու մեր հայ մշակոյթը եւ իրենց կարգին զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներու, յատկապէս բազում մարտահրաւէրներով լեցուն բարդ ու փոթորկալից սփիւռքի ներկայ ժամանակներուն մէջ: