Շնորհաւորական այցելութիւններ առաջնորդ սրբազանին

Շնորհաւորական այցելութիւններ առաջնորդ սրբազանին

Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, իր կողքին ունենալով Ազգ. վարչութեան տիար ատենապետն ու անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Տիար Աւօ Քէշիշեանի: 

Յանուն Կեդր. կոմիտէի, Տիար Աւօ Քէշիշեան շնորհաւորեց նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը իր ծառայական նոր շրջանին մէջ եւ առողջութեան ու յաջողութեան սրտագին մաղթանքներ փոխանցեց նաեւ Ազգ. վարչութեան բոլոր անդամներուն: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, հայութեան կեանքէն ներս ընդգծեց կարեւորութիւնը Գալիֆորնիոյ հայ գաղութին, ապա ներքին միասնականութիւնը նկատեց հիմնարար պայման՝ այս երկրին մէջ հայկական ներկայութեան յաւելեալ հզօրացման համար եւ այս իմաստով շեշտեց գործակցութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտի աւելի եւս ամրագրման անհրաժեշտութիւնը՝ ամենայն բարիք մաղթելով բոլորին:

Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան գալիֆորնիաբնակ անդամներ՝ Տեարք Ռոստոմ Այնթլապլեանի, Կայծակ Զէյթլեանի եւ Հրաչ Յակոբեանի, որոնք շնորհաւորեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Առաջնորդ ընտրութիւնը Արեւմտեան Թեմի եւ այս առիթով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամէնէն ընդարձակ ու բարեբեր Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ծառայութեան մէջ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն առանցքը հանդիսացան Արեւմտեան Թեմի եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ աշխատանքները, համայնքային ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթն ու ժողովուրդի հոգեւոր ու մարդասիրական կարիքներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս իմաստով շեշտուեցաւ Արեւմտեան Թեմի բարեգործ ներկայութիւնը տեղական եւ համահայկական մակարդակներու վրայ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ կարեւորեց Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ճամբով Սփիւռքի տարածքին իրագործուած բազմաշերտ ծրագիրները, յանուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաւել պայծառացման եւ բարգաւաճման: 

Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի, որուն կ՛ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան եւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան:

Քրիստոսով եղբայրացած առաջնորդներու հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. արծարծուեցան հայ կեանքը յուզող հարցեր եւ փոխանակուեցան միտքեր, որոնց առանցքը հանդիսացան յաւելեալ գործակցութեան համար նոր հասարակ յայտարարներ գտնել եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հայկական ներկայութիւնը աւելի եւս ամրապնդել յատկապէս հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ մարդասիրական մակարդակներու վրայ:

Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութեամբ ընդունեց Յովնան Արքեպիսկոպոսի շնորհաւորութիւններն ու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ծառայութեան մէջ յաջողութեան մաղթանքները եւ, փոխադարձաբար, անոր մաղթեց յաւելեալ ուժ, կորով եւ տոկունութիւն իր հովուական առաքելութեան մէջ:  

Ազգային Առաջնորդարանի Լրատու

Share