Առաջնորդ սրբազան հայրը օրհնեց Մուսա Լերան հերոսական ոգին եւ զայն արծարծուն պահելու կոչ ուղղեց

Առաջնորդ սրբազան հայրը օրհնեց Մուսա Լերան հերոսական ոգին եւ զայն արծարծուն պահելու կոչ ուղղեց

Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի, ներկայ եղաւ Մուսա լերան քառասնօրեայ ապստամբութեան յիշատակի գողտրիկ հանդիսութեան մը՝ ծագումով մուսալեռցի՝ Տիար Տիգրան Պօղոսեանի տան շրջափակին մէջ, ուր գործադրուեցաւ հայկական մանկապատանեկան պարերով եւ երգերով ճոխ յայտագիր, որուն ընդմէջէն ներկաները վերապրեցան հայոց հերոսական մարտնչումի ոգին, որ ամէնամեայ դրութեամբ աշխարհի հայաշատ կեդրոններուն մէջ կ՛արծարծուի Ս. Խաչի տօնին առիթով՝ աւանդական հերիսայով եւ ազգային-ժողովրդական տօնախմբութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, նախ օրհնեց հերիսան, ապա ողջունեց պատմական հերոսական ոգին մուսալեռցիներուն, որոնք 1915-ի ամրան, հայութեան համար 20-րդ դարու ամէնէն դժնդակ մէկ պահուն ծառացան Օսմանեան կայսրութեան բանակներուն դէմ եւ հայօրէն ապրելու իրենց կամքը պարտադրեցին թշնամիին՝ յանձնուիլ-ջարդուելու փոխարէն նախընտրելով կռուիլ յանուն ազատութեան:

Մանրամասնութիւններ փոխանցելով այս մասին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս աւելցուց, որ Մուսա լեռ ապաստանած գիւղացիներն ու ապստամբական խումբը 40 օրուան մահու կենաց պայքարէ ետք խաղաղ ափ տարուեցան ֆրանսական փրկարար նաւով, շնորհիւ իրենց հաստատամտութեան եւ հայկական առիւծասիրտ կամքին, ապա կոչ ուղղեց հայ նոր սերունդներու կեանքին մէջ եւս արծարծ պահել հայ կտրիճ գիւղացիին ոգին, մուսալեռցիներու հաւաքական հերոսութեան արդար օրինակը ամէն տարի յիշատակելով:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ձեռնարկը հիւրընկալող Պօղոսեան ընտանիքը, կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, ապա բոլորին ուղղեց քաջալերական խօսքեր եւ փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնները:

Share