Երեքշաբթի, 7 Յունուար 2025-ին, Լոս Անճելըս գաւառի քանի մը շրջաններուն մէջ ծագած ահաւոր ու ծաւալուն հրդեհները, որոնք աւելի եւս տարածուեցան զօրաւոր փոթորիկներու պատճառով, հասան բնակարաններու, վարժարաններու եւ գործատեղիներու ու տագնապի մատնեցին ծովափէն մինչեւ Փասատինայի, Լա Քրեսենթայի, Լա Քանատայի եւ Կլենտէյլի բնակչութիւնը, ի շարս որոնց՝ հարիւրաւոր հայորդներ եւ հայ ընտանիքներ:
Հրդեհը պատճառեց հսկայ վնասներ կալուածներու ու ստացուածքներու: Ազգային Առաջնորդարան հասած տեղեկութեանց համաձայն յատկապէս Փասատինայի եւ ծովափի շրջաններուն մէջ, մեծաթիւ հայորդիներ կորսնցուցած են իրենց բնակարաններն ու գործատեղիները: Ցաւով կ’արձանագրենք նաեւ, որ Ալթատենայի մէջ գործող Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանը եւս հրոյ ճարակ դարձած է:
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ ծխական շրջաններու հովիւներուն հետ, ծանօթանալու դէպքերու ընթացքին եւ վերահասու ըլլալու իւրաքանչիւր շրջանի իրավիճակին։ Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրով հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն՝ հրդեհը հարուածած շրջաններու եկեղեցիներու սրահները իբրեւ ապաստանարան տրամադրելու կարիքը ունեցողներու։
Առաջնորդ Սրբազանը իր աղօթքներով կը միանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ աղօթք կը բարձրացնէ առ ամենողորմ Աստուած, խնդրամատոյց ըլլալով, որ ամենակալ Տէրը իր օրհնառատ հովանիին ներքեւ անվտանգ ու ապահով պահէ բոլորը, մխիթարութիւն տայ վնասուածներուն, եւ ուժ, կորով ու համբերութիւն՝ յիշեալ շրջաններու մեր ժողովուրդի զաւակներուն շրջանցելու այս աղէտը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը Փասատինայի համայնքի հետ
Անցնող օրերուն, Լոս Անճելըսի եւ շրջակայքի մէջ ծայր առած մեծածաւալ հրդեհներուն պատճառաւ մարդկային եւ կենցաղային ծանր պայմաններու ենթարկուած մեր համայնքի զաւակներուն, ի մասնաւորի Փասատինայի եւ շրջակայքի մեր ժողովուրդին կողքին ըլլալու պարտականութեան կոչին ընդառաջ, Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, այսօր, Ուրբաթ, 10 Յունուար 2025-ին կ․ե․ժամը 4-ին պիտի այցելէ Փասատինայի շրջանը, մօտէն իրազեկ դառնալու տիրող կացութեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ աղօթական զօրակցութեամբ հանդիպելու շրջանի աղիտահար մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։
Դժուարին եւ ծանր կացութիւնները հաւաքական ճիգերով ու զօրակցութեամբ դիմագրաւելու եւ արագագոյն ձեւով զանոնք անդրանցնելու գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդի գոյատեւման դարաւոր աւանդներէն մէկն է։
Այսօր եւս պահն է այդ գիտակցութեան։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՐԱՆԻ