Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Ս. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ադամներու Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորական այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկին Քրիստին Խանճեանի:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, հիւրերը Առաջնորդ Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները եւ անդրադարձան ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան աշխատանքային առօրեային՝ իրենց ազգօգուտ բազմաշերտ ծրագիրներուն մասին տալով յաւելեալ բացատրութիւններ:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս գնահատեց հայ մայրերու, քոյրերու ու կանանց այս աշխոյժ միութեան ժրաջան եւ ազգանուէր գործունէութիւնն ու մարդասիրական յոյժ կարեւոր ծրագիրները եւ այս առիթով իր հայրական օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց ընդհանրապէս ՀՕՄ-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերուն եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներուն ու Շրջանային վարչութեան իւրաքանչիւր անդամի, բոլորին մաղթելով անսպառ առողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:
media@westernprelacy.org