Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2022-ին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայութեան զօրակցական հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ եղան Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան եւ Թեմէն ներս գործող Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. վարչութեան, Կեդր. Վարչութեան, պատկան մարմիններու, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, աշակերտական խումբեր, ծնողներ եւ ժողովուրդ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդատուութեամբ, երկու ամիս աշխատանքի լծուած են Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը, որպէսզի հայ Սփիւռքի ամէնէն բաբախուն գաղութներէն՝ Լիբանանը ներկայացուի նմանատիպ ձեռնարկով մը, որուն բոլորանուէր մասնակցութիւն կը բերեն զանազան կարգի աշակերտական խումբեր՝ երաժշտական, երգի, ասմունքի ու հայկական պարի զուլալ ակունքներու հարազատ շունչով:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Արեւմտեան Թեմի կողմէ կատարուած զօրակցական բոլոր նախաձեռնութիւնները, ապա յայտարարեց, որ Արեւմտեան Թեմը՝ ոչ իր կամքով դժբախտութեան մէջ յայտնուած երէկուան շէնշող Լիբանանի հայութեան ուղղուած աշակերտական մակարդակի իր զօրակցութիւնը կը հասցնէ՝ Լիբանանի Ազգ. վարժարաններու մէջ ուսում առնող թիւով 500 աշակերտներու 2022-2023 տարեշրջանի կրթաթոշակը հովանաւորելու պատրաստակամութեան, ընդհ. գումար՝ երկու հարիւր յիսուն հազար տոլար: