Ազգային Առաջնորդարանը դարձաւ սեփականատէրը Ս.Նահատակաց համալիրին կից ընդարձակ կալուածին

Ազգային Առաջնորդարանը դարձաւ սեփականատէրը Ս.Նահատակաց համալիրին կից ընդարձակ կալուածին

Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին կողքը գտնուող հողաշերտը, երէկ, Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2022-ին, դարձաւ Ազգային Առաջնորդարանին սեփականութիւնը: Այս նոր կալուածը յատկապէս պիտի երաշխաւորէ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի եւ անոր ապագայ գործունէութեանց ընդարձակումը՝ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ ընդհանրապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյն: Ազգ. Առաջնորդարանը, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը, բարերարներ, բարեկամներ եւ ժողովուրդ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն՝ ամէնէն կարճ տեւողութեամբ փակելու համար նոր կալուածի գնման նիւթական մեծ պարտաւորութիւնը: Այս առիթով, Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց անանուն բարերարին, որ ամբողջ ամիսներ այս գործի յաջողութեան համար բոլորանուէր իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ նոր կալուածի գնման յաջողութեան նուիրաբերած է հինգ միլիոն տոլար:

Share