Քաղբանտարկեալ Աւետիք Չալապեան ազատ արձակուեցաւ

Քաղբանտարկեալ Աւետիք Չալապեան ազատ արձակուեցաւ

Աւետիք Չալապեանն ազատ արձակուած է Քրէակտրողական հիմնրկէն։ Այսօր՝ ժամը 21:00-ին, լրացած է անոր կալանքի տակ պահելու ժամկէտը, իսկ նոր դատական ակտ, որով կերկարացուէր խափանման միջոցի կիրառումը, չկայ։

«Միասին գտնւում ենք մի պայքարի մէջ, մեր հայրենիքի, իտէալների, իղձերի համար։ Շնորհակալութիւն ընտանիքիս, փաստաբանական թիմին, լրատուական համայնքին։ Այս ամէնը փոքր դրուագ է մեծ պայքարի համայնապատկերի մէջ, սա մի փոքր զոհողութիւն էր իմ հայրենիքի զոհասեղանին»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Չալապեանը։

Յիշեցնենք, որ 2022 թուականի 9 մայիսին լրատուական կայքերէն մէկուն կողմէ ձայնագրութիւն հրապարակուած էր՝ «1000 դրամ իւրաքանչիւր ուսանողի համար, Ագրարային համալսարանի դասախօսը դրդում է ուսխորհրդի նախագահին գումարի դիմաց կազմակերպել, որպէսզի ուսանողները մասնակցեն ընդդիմութեան հաւաքներին՝ իւրաքանչիւր ուսանողի դիմաց առաջարկելով 1000 դրամ» վերտառութեամբ:

Share