Մինսկի Խմբի Ամերիկացի համանախագահ և Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Այցելած Են Ծիղեռնակաբերդ

Մինսկի Խմբի Ամերիկացի համանախագահ և Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Այցելած Են Ծիղեռնակաբերդ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով յատուկ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 8 սեպտեմբերին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին տարածած հաղորդագրութենէն, Ֆիլիփ Ռիքըրին ուղեկցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Ամերիկեան երկիրներու վարչութեան պետ Արմէն Եգանեանն ու Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին:

Հիւրերը դիմաւորած եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը  ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան: Ան հիւրերուն ներկայացուցած է նաեւ պատմութիւնը Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ տեղադրուած երեք խաչքարերու, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ազրպէյճանի տարածքին մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումներու ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին:

Ֆիլիփ Ռիքըր ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք Միացեալ Նահանգներէն եկած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրին անմար կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան հիւրին նուիրած է 1890-1922 թուականներուն ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած հայկական կոտորածներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուածներու երկու հատոր` «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times»

Share