Ազգային բարերար Օսկօ Կիրակոսեան

Ազգային բարերար Օսկօ Կիրակոսեան

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն մահը Թեմիս երկար տարիներու Ազգային բարերար Օսկօ Կիրակոսեանի, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 29 Մայիս 2024-ի առաւօտուն:

Հանգուցեալը երկար տարիներու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւն ունի մեր Թեմէն ներս: Եղած է Հովիտի գաղութի կարկառուն անդամներէն եւ մնայուն բարերարներէն. ստանձնած է հովանաւորութիւնը Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնութեան շէնքի ամբողջութեամբ վերակառուցման եւ համալիրին մէջ զանազան գրասենեակներու, միաժամանակ կամաւոր ծառայութիւն բերելով Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իր տիկնոջ հետ գլխաւոր բարերարները եղած են Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ կառուցուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին: Նոյն առիթով ստանձնած են նաեւ հովանաւորութիւնը սրբադասուած մեր նահատակներու մասունքները պարփակող մեծադիր խաչերուն, որոնք տեղ գտած են Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Յարատեւ զօրակիցներէն եղած է Ազգ. Առաջնորդարանի նոր շէնքին եւ զանազան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ միութեանց ու կազմակերպութեանց զանազան ծրագիրներուն: Հիւրընկալած է նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Աւանդական Ընթրիքները:

Հանգուցեալը իր հաւատացեալ եւ ազգանուէր նկարագիրով, հայրենիքի թէ սփիւռքի հաստատութեանց ի նպաստ կատարած բարերարութեանց համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» եւ «Կիլիկեան Իշխան» շքանշաններուն, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յաջորդաբար 2005 եւ 2011 թուականներուն:

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Երանին, զաւակներուն՝ Զապէլ եւ Սեւակ Տեմիրճեանին, Նաթալիին, Ճորճին եւ Քրիսթինին, եղբօր Պերճին եւ ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:

Պիտի կատարուի Ազգային թաղում:

Թաղման մանրասմասնութիւնները կը ծանուցուին մամուլով:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

 ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Share