Ս. Մահսէրէճեան
«Վախկոտը ամէն օր է մեռնում, իմացէ՛ք
…Հողը արիւնով են փրկում, իմացէ՛ք»
Քանի մը օրէ ի վեր, աշխարհի բաց աչքերուն առջեւ տեղի կ’ունենան մեծերու «տրամաբանութեան» անյարիր դէպքեր: Կազացիք իրենց աւերակուած աւաններն ու բնակարանները կը վերադառնան, կը յայտարարեն, որ վճռած են չլքել իրենց հայրենի հողը, վերականգնել քանդուածն ու իրենց կեանքը: Կազան աւելի քան 60 առ հարիւրով աւերակուած է…
Նոյնը կ’ընեն լիբանանցիները, որոնք հալածուած էին մասնաւորաբար Հարաւային Լիբանանի իրենց քաղաքներէն եւ տուներէն: Հարաւային Լիբանանը եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններն ալ նման են աւերակուած Կազային: Հոն, տեղի կ’ունենայ յատուկ նշանակութեամբ զարգացում մը. բանակն ու դիմադրութեան ուժերը կանգնած են վերադարձողներուն կողքին, որոնք կազացիներուն պէս վճռած են չլքել իրենց տունն ու հողը, հայրենի՛քը:
Թէ՛ Կազայի եւ թէ Լիբանանի մէջ, երկարատեւ պայքարը (խօսքը միայն վերջին փուլին մասին է) շա՛տ սուղ արժեցին. Բիւրաւոր զոհեր ու վիրաւորներ, աւեր ու փլատակներ, բայց ահա երկու գօտիներուն մէջ ալ ճնշուածներն ու բռնագաղթի հանուածները զօրակիցներ կը գտնեն ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ (այլօրինակ հաշիւները պահ մը մէկդի թողունք): Հայրենի հողին պաշտպանութեան գաղափարը կը մարմնաւորուի գետնի վրայ: Դիմադրողները կը յայտարարեն, որ եթէ իրենք որոշ չափով տկարացած են ներկայիս, Իսրայէլ չէ յաղթանակած, որովհետեւ անոր յայտարարուած վախճանական նպատակները ձախողութեան մատնուած են: Վերականգմումի եւ պայքարը վերսկսելու կամքը չեն աւերակներուն տակ չէ թաղուած:
***
Հորիզոնը վարդագոյն չէ: Տուն դարձողները «կը դիմաւորուին» իսրայէլեան բանակի կրակոցներով: Թէ՛ Կազայի եւ թէ Լիբանանի մէջ, կ’արձանագրուին նոր զոհեր ու վիրաւորներ: Լիբանանեան բանակը կու տայ զոհ: Իսրայէլ հազար ու մէկ անհեթեթ պատճառաբանութեամբ կը վերաբանայ շահատակութիւններու նոր էջեր եւ, աւելին, յարձակումներու կը ձեռնարկէ նա՛եւԱրեւմտեան Ափին մէջ, հոն ալ կ’իյնան նոր զոհեր ու վիրաւորներ…
Զինադուլ(եր)ը ապահովողները աւելի՛ կրաւորականութիւն կը ցուցաբերեն, քան զինադուլի պայմաններուն իրականացումը: Դիմադրողները կը յայտարարեն, որ կացութիւնը կրնայ դարձեալ բռնկիլ, եւ անոր պատասխանատուն պիտի ըլլայ զինադուլը խախտողը, չյարգողը: Վաղը, եթէ վատթարացում տեղի ունենայ, արեւմտեան աշխարհի շեփորահարները կրնան դարձեալ այպանել ճնշուողը, ջարդուողն ու հալածուողը, տունդարձի իրաւունքէն զրկուողը: Անոնց ի՜նչ հոգը, թէ զինադուլէն ասդին բազմահարիւր զոհեր ու վիաւորներ աւելցած են…
Կայ իրական ողբերգութեան մէկ այլ տարածքը: Սպիտակ Տուն վերադարձած «նարնջագոյն մարդը» անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ իսրայէլացի ջարդարարներուն, կը յանձնարարէ «մաքրել» Կազան, եւ Եգիպտոսի ու Յորդանանի կոչ կ’ընէ պաղեստինցի գաղթականներ ընդունելու, աւելին՝ նոր կանաչ լոյսեր կը բանայ Իսրայէլի բնակեցման քաղաքականութեան դիմաց: Ամերիկեան նոր աշխարհակալութեան հետամուտ մարդը չի մտածեր գաղթականներու ողբերգութիւնը դարմանելու մասին, այլ կ’աշխատի 1948-էն ի վեր փուլ առ փուլ ծանրացող տագնապը նոր «բարձունքներու» հասցնել (կրնանք խօսիլ նաեւ այլ գաղթականներու տագնապին մասին): Լիբանանի ալ գաղթականներէն բաժին պիտի հանուի՞ արդեօք. չէ՞ որ հոն ալ կան Սապրան ու Շաթիլան՝ իրենց (քողարկուած) արիւնալի պատմութիւններով…
***
Եւրոպական լրատու աղբիւրներ երկարատեւ հաղորդումներ կը ներկայացնեն «Հոլոքոսթ»ի 80-ամեակին առիթով տեղի ունեցած յուշահանդէսի մը մասին: Սա այն սպանդն էր, որուն ձեռնարկած Հիթլէր մը կը յոխորտար, թէ «հայերու ջարդերը յիշող չկայ», եւ կը մտածէր, որ իր ըրածներն ալ կրնան մոռացութեան տրուիլ:
Չենք ուզեր իտէալականացնել կամ առանձնացնել հրեաներու հաւատարմութիւնը՝ իրենց զոհերուն յիշատակին. ճափոնցիներն ալ ամէն տարի կ’ոգեկոչեն Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի սպանդները, կան իրենց անմեղ զոհերը չմոռցող այլ ժողովուրդներ, իրաւունմքներու պաշտպաններ: Տեղ մը հրեաները, ճափոնցները, լիբանանցիք ու կազացիք կը նոյնանան՝ դաժան պատմութիւնը չընդունելու իրենց կամքին մէջ:
***
Իսկ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ մեր «Փոքր ածու»ին մէջ:
Ի՜նչ զուգադիպութիւն: Լիբանանի ու Կազայի յիշեալ իրադարձութիւնները տեղի կ’ունենան Հայկական Բանակի Օրուան (28 Յունուար) նախօրեակին, Օր մը՝ որ կ’անշքանայ տարուէ տարի, բանակին փայլը կը տժգունի տարբեր մակարդակներու եւ գիծերու վրայ, այնքան մը, որ անոր յիշատակումն ալ կարծէք թէ կը սահմանափակուի «առ ի պարտականութիւն» խօսքերով, ի ցնծութիւն՝ Հայաստանը առանց պաշտպանող բազուկի տեսնելու թուրք-ազերիական զինակցութեան:
Արցախի ժողովուրդին բռնագաղթն ու Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու «ազերիացումը», սահմանափակ բռնագաղթերը (ընդհանրապէս կը մնան մեծ աղէտին շուքին մէջ) փուլ առ փուլ տեղի ունեցած էին Կազայի ու Լիբանանի նորագոյն ողբերգութիւններէն առաջ: Արցախցիք ալ յանձնառու են տունդարձի ընտրանքին, սակայն ո՛չ Երեւանի իշխանաւորները, ո՛չ ալ Արցախի իրաւունքներու բերանացի պաշտպանները կը կանգնին այդ յանձնառութեան կողքին: Աւելին՝ Երեւանի ՔՊ-ականները ամէն օր նոր «հնարք» մը հրապարակ կը նետեն, գործադրելու համար թուրք-ազերիական ծրագիրները, բանիւ եւ գործով կը քալեն թշնամիին պահանջներուն ընդառաջելու ճամբով, դարձած են անոր գործակատարները:
Արցախցի քաղաքական եւ զինուորական առեւանգեալ պատասխանատուներու խեղկատակ դատավարութիւնն իսկ դարձած է խօսքի աճուրդի եւ սեփական աթոռի-շահերու պաշտպանութեան գործիք: Ալ ի՜նչ խօսք՝ պատմութեան ու արդար Դատի հանդէպ յանձնառութեան, հողերու վերատիրացման, Ցեղասպանութեան դիմաց արդար հատուցման եւ նման իրաւունքներու մասին: Երբ Թուրքիա տասնամեակներէ ի վեր կը փորձէ աշխարհը համոզել (համոզուողներ չեն գտնուիր, թէեւ լռողներ կան), թէ Հայկական Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, ահա ՔՊ-ապետն ու «ուսապարկեր» հոն ալ բանիւ եւ գործով կը թութակեն թրքական «վարկածներ», կը միանան թուրքերու… հակահայ քարոզչութեան, «յենարաններ» կը փնտռեն՝ կասկածի տակ առնելու Ցեղասպանութեան պատմական եւ անվիճելի իրականութիւնը (իսկ դուք գիտէի՞ք, որ «ցեղասպանութեան քարոզչութիւն»ը խորհրդայիններուն մէկ հնարքն էր…), գտիտութիւն կը խաղան ու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ հայութեան բողոքներն ու դատական հետապնդումները յետս կոչելու (մոռցա՞ծ էք. նոյնինքն ՔՊ-ապետն էր, որ օր մը խոստովանեցաւ, թէ երբեմն խենթ կը ձեւանայ, իսկ ուրիշ օր մը յայտարարեց, թէ չի նեղանար՝ երբ զինք թուրք կոչեն…):
Այս եւ նման իրականութիւններ կ’արձանագենք իբրեւ մեր բեռնաւորեալ ողբերգութիւնները թագադրող-«զարդարող» գայթակղութիւններ: Այս բոլորը տեսնող, լսող հայանուններ կան Հայաստանի մէջ ու Սփիւռքի տարածքին, որոնք իրենց հերոսը կապկելով ու կոյր ձեւանալով՝ կը ջատագովեն «ազգընտիր մանտաթաւոր»ը, կը դատափետեն հայրենիքի եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանները: Անոնց կողքին՝ կան կրաւորականներու՝ «ինչո՞ւս պէտք» ըսողներու-մտածողներու փաղանգներ, որոնք նման ընթացքով, լծակից ու մեղսակից են հայրենիքի կորուստներուն:
…Եւ ահազանգը կը կրկնուի. մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ո՞ւր: Կը կրկնուի նաեւ պատասխանը. զարթնումն ու կորստաբեր գահավիժումի կասեցումը՝ այսօ՛ր: