Դրօշակ չունեցող մարդիկ

Դրօշակ չունեցող մարդիկ

Սեդօ Պոյաճեան

Երբ սկսաւ ծածանիլ Արցախի դրօշակը, պարտութեան իշխանութեան վարձկան մունետիկներուն հակազդեցութիւնը չուշացաւ։

Իրենք զիրենք քաղաքական գործիչ կամ վաստակաւոր լրագրող յորջորջողներ թիրախ դարձուցած են Արցախի դրօշակը բարձր պահող հայորդիները։ Ելած են հայրենասիրութեան ու հայրենիքի համար կռուելու դասեր տալ այս տղոց, որոնք իրենց կրակի մկրտութիւնը ստացած են Արցախի ազատագրութեան համար մղուող մարտական, մարդասիրական թէ քարոզչական պայքարներուն մէջ։

Այս վարձկան մունետիկները չեն խպնիր հարցականի տակ առնելու այս երիտասարդներուն  հայրենասիրութիւնը եւ մարտունակութիւնը, երբ նոյն այդ առաքինութիւնները տեւաբար բացակայած են այս մունետիկներուն մօտ։

Բայց ինչո՞ւ այս հակազդեցութիւնը։

Պատասխանը պարզ է։ Այս վարձկան մունետիկները, իրենց հովանաւորող պարտութեան իշխանութիւնը եւ իրենց վարձատրող օտար տէրերը կը վախնան Արցախի դրօշակէն։ Անոնք նաեւ կը վախնան Եռագոյն դրօշակէն։ Կը վախնան, որովհետեւ այս մարդիկը դրօշակ չունին։

Մենք վաղուց ծանօթ ենք մեր ազգային դրօշակէն վախցողներուն։ Կար ժամանակ երբ Եռագոյնը սարսափն էր հայ պոլշեւիկներուն։ Պոլշեւիկները անարգանքի եւ դաւաճանութեան սիւներուն կը գամէին Եռագոյնը պարզողներուն։ Այդպէս կ՚ընէին, քանի որ կը վախնային մեր ազգային դրօշակէն։ Բայց հայկական Սփիւռքի տարածքին Եռագոյնը պահպանուեցաւ բարձր ու հպարտ։ Տարագիր հայութեան համար Եռագոյնը սոսկ դրօշ մը չէր։ Եռագոյնը հայրենիք էր, պայքար էր, իրաւազրկումի դէմ զրահ էր, հայեցիութեան պաշտպանութեան վահանն էր։

Եռագոյնը պէտք է վերադառնար իր բնօրրանին՝ Հայաստանին, եռագոյնը պէտք է պատկանէր մեր ժողովուրդին։ Եկաւ ժամանակը եւ Եռագոյնը վերադարձաւ տուն՝ իր ժողովուրդին։

Այսօր, իրենց պոլշեւիկ նախահայրերուն կիսատ գործը կը փորձեն շարունակել այսօրուան վարձկան մունետիկները։ Մեղադրանքի որակումները տարբեր են, բայց էութեամբ ու բովանդակութեամբ նոյնն են – մեղադրել Արցախի դրօշակը կանգուն պահողները՝ իմաստազրկելու համար նոյնինք դրօշակը ու այդ ճամբով արժեզրկելու հայրենի հողի ազատագրութեան նպատակը։    

Բայց Արցախի դրօշակը յաւերժ է, ազատագրութեան պայքարը յարատեւ է։

Արցախի դրօշակը այսօր կը զետեղուի ոչ թէ խումբ մը երիտասարդներու խիզախութեան պատճառով եւ այդ դրօշը կը փողփողէ ոչ թէ հայրենիքի վրայ փչող հովին պատճառով, այլ ան կը կանգնի ու կը ծածանի վերջին հերոսութեամբը եւ վերջին շունչովը հայ ազատամարտիկին, կամաւորին եւ զինուորին, որոնք զոհուեցան հայրենիքի հողին համար։

Կը տեղադրենք, կը ծածանենք, կը պատուենք եւ կը պաշտպանենք Արցախի դրօշակը՝ պահպանելու եւ պաշտպանելու համար Արցախի ազատագրութեան նպատակը։

Արցախի դրօշակը չենք ծածաներ միայն ապացուցելու համար մեր հայրենասիրութիւնը, այլ՝ կը ծածանենք աւետելու բոլորին Արցախի ազատագրման մեր պայքարի յարատեւութիւնը։

Ատոր համար, ինչպէս անցեալին, նա՛եւ այսօր ու առյաւէտ, Արցախի ազատագրութեան օրհնութիւնը վայելել ցանկացողները Արցախի դրօշակը հայու խիզախութեամբ ամուր պահելու զոհողութիւնը կը ստանձնեն։

Վարձկան մունետիկները մարդիկ են, որոնք օտարի վարձատրութեամբ սեփական կեանքը կ՚ապահովեն, սակայն չունին եւ պիտի չունենան որեւէ ըմբռնում սեփական ու հաւաքական կեանքի իմաստի մասին։

Անոնք կրնան ապրիլ եւ կ՛ապրին ոչինչի համար։

Մենք կ՚ապրինք նպատակի մը համար։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր պարտաւոր է ըսելու, Արցախի դրօշակը ի՛մ դրօշակն է, Արցախը ի՛մ հայրենի հողն է։ Եւ պէտք չունիմ ո՛չ հաւանութեան ու ո՛չ ալ համամտութեան օտարի դրամով ապրողին եւ օտարի պատուէրով գործողին։

Արցախի դրօշակը բարձր պահելով, մենք կը մերժենք կառուցել վախի վրայ հիմնուած հայրենիք մը։

Մեր հայրենիքը պիտի կառուցուի քաջութեան, զոհաբերութեան, նուիրումի, աշխատասիրութեան եւ ստեղծագործութեան վրայ՝ ե՛ւ Եռագոյնով ե՛ւ Արցախի դրօշակով։

Ապրիլ 12, 2022

Share