Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսը փաստեց իր անկարողութիւնը Հայաստանի հանրապետութիւնը ղեկավարելու

Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսը փաստեց իր անկարողութիւնը Հայաստանի հանրապետութիւնը ղեկավարելու

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Իր վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 31 Օգոստոս 2024-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս ցուցաբերեց թէ ան պէտք է անյապաղ հրաժարի։

Քանի որ թէ Փաշինեան եւ թէ իր նշանակած պաշտօնեաներն ու խորհրդատուները չեն գիտեր ինչ կ՚ընեն, ես ինքնակամ կ՚առաջարկեմ ներկայացնել խորհուրդներս ու թելադրութիւններս, ինչ որ 30 տարիներ շարունակ կատարած եմ նախկին եւ այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարներուն հետ։

Թէեւ ողջունելի է որ Փաշինեան կը փափաքի մամլոյ անդամներուն հետ հանդիպիլ եւ պատասխանել լրագրողներուն հարցումներուն, սակայն մամլոյ ասուլիսը պէտք չէ մէկ ժամէն աւելի երկար տեւէ, որպէսզի սակաւաթիւ մնան իր հակասական արտայայտութիւնները եւ քողարկէ իր անճարակութիւնը։ Անցեալին, անոր մամլոյ ասուլիսները կը տեւէին չորս, նոյնիսկ 5 ժամ, կապկելով նախկին Սովետական եւ այժմու Ռուս ղեկավարութեան սովորութիւնը։ Բարեբախտաբար այս անգամ Փաշինեանի ասուլիսը տեւեց միայն 2 ժամ եւ 17 վայրկեան։  Բայց պատասխանելով այդքան հարցումներու, ան առիթ տուաւ ընդդիմութեան քննադատութեան թիրախ դառնալու։

Առաջին հարցը զոր կ՚ուզէի քննարկել կը վերաբերի հարցումի մը Փաշինեանի պատասխանին եթէ Հայաստանը պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի միջազգային բնապահպանական համաժողովին որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր ամսուն՝ Պաքու։ Յուլիս ամսուն երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հրաւէր ստացաւ մասնակցելու ՄԱԿ-ի COP29 համաժողովին, կառավարութեան տեղեկութեան եւ հանրային յարաբերութեանց բաժանմունքը խոստացաւ որ Փաշինեան պատասխանը պիտի տար Օգոստոսի իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Սակայն Օգոստոս 31-ին երբ այդ հարցը կը հարցուի, ան՝ անփոյթօրէն կը պատասխանէ թէ տակաւին չէ որոշած, եւ երբ եզրակացութեան մը յանգի բոլորին լուր պիտի տայ։ Եթէ իրաւացի պատճառ մը ունի որոշում չկայացնելու, հապա ինչո՞ւ կառավարութիւնը խոստացած էր Օգոստոսին վերջնական պատասխան տալ։

Ի պատասխան այն հարցումին թէ Հայաստանի կառավարութիւնը որեւէ ճիգ կը ցուցաբերէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար, Փաշինեան – ինչպէս միշտ – մեղադրեալ կը տեսնէ բոլորին բացի ինքզինք։ Ան անմիջապէս մոռացութեան կու տայ թէ ինքն էր որ 2020-ի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք անմտօրէն բոլոր ազերի ռազմագերիները ազատ արձակեց փոխան քանի մը հայ գերիներու։ Ան պէտք էր ազատ արձակեր ԲՈԼՈՐ ազերի գերիները  միայն ԲՈԼՈՐ հայ գերիներուն փոխարէն։ Փաշինեան սայթաքում մը եւս կատարեց երբ համաձայնեցաւ Հայկական վէթոն վերցնել, թոյլ տալով որ Պաքուն հիւրընկալէ այդ հեղինակաւոր համաշխարհային խորհրդաժողովը։ Նախագահ Ալիեւ այնքան բուռն իղձ ունէր որ այդ տեղի ունենար իր երկրին մէջ, որ համաձայն պիտի ըլլար ազատ արձակել ոչ միայն քանի մը, այլ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ նոյնիսկ դուրս գար Հայաստանի սահմաններէն որոնք գրաւած էր 2021 եւ 2022 թուականներէն ի վեր։

Այնուհետեւ Փաշինեան բացայայտեց թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համացայնած են խաղաղութեան պայմանագրի 17-էն 13 յօդուածներուն։ Ուրեմն Փաշինեան կ՚առաջարկէ ստորագրել այդ պայմանագրի 13 յօդուածները, մնացեալը թողնելով ապագային։ Սակայն ան չի հասկնար թէ Ալիեւ ոչ մէկ ցանկութիւն ունի խաղաղութեան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Ան կ՚ուզէ Հայաստանէն առնուազն որոշ հողատարածքներ, եթէ ոչ ամբողջ Հայաստանի տարածքը, ինչպէս ան բառացի սպառնացած է բազմաթիւ անգամներ։

Նախ եւ առաջ հստակ է թէ Փաշինեան որքան ալ «խաղաղութիւն» հոլովէ, այդ կարելի չէ քանի որ Ազրպէյճան խաղաղութիւն չ՚ուզէր։ Կամքը պէտք է ըլլայ երկուստեք։ Միակողմանի խաղաղութիւն զոյութիւն չունի։

Ապա, շարունակական խաղաղութեան պաղատանքներով, Փաշինեան կը քաջալերէ որ Ալիեւ նորանոր յաւելեալ զիջումներ պահանջէ Հայաստանէն։

Վերջապէս, խաղաղութեան պայմանագիրը Ալիեւի համար պարզապէս թուղթի կտոր մըն է որ պիտի ստորագրուի եւ մոռցուի։ Ան ոչինչ չի ներկայացներ։ Այդ պիտի չի փրկէ Հայաստանի սահմանները երբ ազերին յարձակի ու ներխուժէ։

Փաշինեան յոխորտաց որ անցեալ ուրբաթ Հայաստանի եւ Ազերպէյճանի կառավարութիւններու ստորագրած սահմանագծման համաձայնագիրը առաջին իրաւական փաստաթուղթն է երկու երկիրներու միջեւ։ Նախ՝ այդ մէկը տակաւին չէ վավերացուած, եւ ապա ան կը մոռնայ որ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազերպէյճանի կառավարութիւնները զինադադար մը ստորագրած էին 1994 թուականին։ Ան նաեւ կը մոռնայ թէ ինք, Բութին եւ Ալիեւ նոյնանման համաձայնագիր մը ստորագրած էին 2020-ի պատերազմէն յետոյ:

Թերեւս ամենակեղտոտ ու տգեղ բաժինը մամլոյ ասուլիսին, Փաշինեանի կողմէ անտեղի կասկածներ յարուցանելն էր Ռուբէն Վարդանեանի՝ Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարարին մասին, որ որպէս պատանդ կը գտնուի Պաքուի բանտերուն մէջ, Սեպտեմբերի 2023-էն ի վեր։ Փոխանակ կեդրոնանալու իր անգոյ ջանքերուն վրայ որպէսզի ռազմագերիները եւ պատանդները վերադառնան Հայաստան, Փաշինեան փորձեց նսեմացնել Ռուբէն Վարդանեանը ըսելով. «Ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ Ի՞նչպէս եղաւ որ Ռուսաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը։ Ո՞վ խորհորդ տուաւ կամ յանձնարարեց զինք առնելու համար այդ քայլը։ Ո՞վ ուղարկեց անոր այդ իմաստով Հայաստան։ Ո՞վ անոր գործուղեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Ի՞նչ նպատակներով։ Ի՞նչ երաշխիքներով։ Ի՞նչ խոստումներով։ Եւ ո՞վ վերջապէս ըսաւ «գիտէ՞ք ինչ, մենք այդքան ալ լաւ չենք ճանջնար զինք, քանի որ ուրիշ երկրի քաղաքացի է»։ Այս հարցերուն պատասխանները կ՚ուզենք ունենալ, թէ չենք ուզեր»։ Կը շարունակէ ըսել «դուք ինքներդ նշեցիք եւ ես այդ մասին կ՚արտայայտուիմ։ Պէտք է խոստովանիլ թէ իրօք լուրջ խնդիր է որ պէտք է քննենք եւ կը քննենք։ Չեմ ուզեր աւելի մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, բայց պէտք է ըսեմ որ խաղաղութեան իրականացման օրակարգին համար եւս կարեւոր է այս մէկը։ Ընդ որուն, պարտադիր չէ յաջող վերջակէտը։» Փոխանակ օգնելու Վարդանեանին, Փաշինեան անոր ազատ արձակումը աւելի կը բարդացնէ։

Փաշինեան բազմաթիւ սխալներ կատարած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, բայց զանոնք բոլորը համապարբակ ներկայացնելու համար պէտք է գրել ամբողջ գիրք մը։

Թարգմանեց՝ Կարէն Շահէ Ճինպաշեան

Share