Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ատրպէյճանի՝ Բացարձակապէս Մերժելի Է

Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ատրպէյճանի՝ Բացարձակապէս Մերժելի Է

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 2020ի արցախեան պատերազմէն ետք, բազմիցս ակնարկած է, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ։ Տարիներ շարունակ այս եղած է անոր դիրքորոշումը։ Իբրեւ լրագրող, իշխանութեան գալէն շատ առաջ իսկ, ան կը նկատէր, որ Արցախը բեռ է Հայաստանին։

Ապրիլ 2022ին, Փաշինեան Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը յորդորած է Հայաստանի՝ իջեցնել Արցախի կարգավիճակի նշաձողը: Այս տարուան սկիզբը Փաշինեանի կուսակցութեան պատգամաւորներէն մէկը պարտուողական հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ` մենք չենք կրնար երեք միլիոն հայերը վտանգի ենթարկել Արցախի 120 հազար բնակիչներուն համար:

14 Մայիս 2023ին, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք՝ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները «հաստատած են իրենց միանշանակ   հաւատարմութիւնը Հայաստանի (29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր) եւ Ատրպէյճանի (86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթր) համապատասխան տարածքային ամբողջականութեան:

Ի վերջոյ, 22 Մայիս 2023ին, Երեւանի մէջ 4․5 ժամ տեւած իր երկարապատում ասուլիսի ընթացքին, Փաշինեան յստակօրէն հաստատեց, որ իր կողմէ ճանչցուած Ատրպէյճանի տարածքը կը ներառէ Արցախը: Ասիկա նոյն այն մարդն է, որ 5 Օգոստոս 2019ին, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, արցախցիներուն առջեւ կանգնած կը գոռար` «Արցախը Հայաստան է, եւ վե՛րջ»: Ան նաեւ առաջնորդած էր ամբոխը՝ «միացում» բառի վանկարկումներով: Աւելի վատթարացնելով իրավիճակը` Փաշինեան նաեւ խոստովանեցաւ, որ «անքլաւ»ները (նախապէս ատրպէյճանաբնակ գիւղեր, որոնք կը գտնուէին Հայաստանի սահմաններէն ներս) չեն ներառուած իր յայտարարած՝ 29 հազար 800 քառակուսի քմ. հաշուող Հայաստանի մէջ:

Որոշելով զիջիլ Արցախը` Փաշինեան փորձեց բացատրել, որ իր կողմէ Արցախը ներառող Ատրպէյճանի տարածքին ճանաչումը տեղի կ՛ունենայ այն ըմբռնումով, որ Ատրպէյճան ատոր դիմաց կը ճանչնայ Հայաստանի (29 հազար քառակուսի քմ.) տարածքը, եւ որ Արցախի ժողովուրդին «իրաւունքներն ու ապահովութեան խնդիրները» պէտք է քննարկուին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի կողմէ:

Գոյութիւն ունին  քանի մը լուրջ հարցեր, Փաշինեանի յայտարարութեան առնչութեամբ.

1) Փաշինեան կը սխալի` ճանչնալով Արցախը իբրեւ Ատրպէյճանի տարածքին մէկ մասը: Պատմականօրէն, Արցախ մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի, այլ անիկա հազարամեակներ շարունակ եղած է Հայաստանի մաս, իսկ Ատրպէյճան գոյութիւն ունի միայն 100 տարիէն քիչ մը աւելի: Փաշինեան կրնար ճանչնալ Ատրպէյճանի տարածքը, եթէ չընդունէր, որ անիկա ներառէ Արցախը:

2) Մինչ Փաշինեան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքը, Ալիեւը երբեք չէ ճանչցած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ընդհակառակն, Ալիեւ բազմիցս կը պնդէ, որ «ամբողջ Հայաստանը պատմական Արեւմտեան Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ»…

3) Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու իր սխալ ճանաչումը քողարկելու համար, Փաշինեան կը մոլորեցնէ հայ հասարակութիւնը` ըսելով, որ կը փափաքի պաշտպանել արցախահայութեան «իրաւունքներն ու ապահովութիւնը» Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Իրականութեան մէջ սակայն, արցախահայութիւնը ո՛չ մէկ օր կրնայ ապրիլ ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ: Լաչինի միջանցքին վեցամսեայ շրջափակումը վառ օրինակ է, թէ Ատրպէյճան ինչպէ՛ս կը վերաբերի արցախահայութեան՝ զայն զրկելով սնունդէ եւ դեղորայքէ: Եթէ արցախցիք յայտնուին ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ, անոնց նկատմամբ ատրպէյճանական վատ վերաբերումը աւելի եւս կը վատթարանայ:

4) Փաշինեան կը շարունակէ արցախահայերուն խայծ տալ` ըսելով, որ «միջազգային երաշխիքներ կը  փնտռէ` ատրպէյճանական իշխանութեան տակ անոնց բարեկեցութիւնը պաշտպանելու համար: Ասուլիսի ընթացքին, Փաշինեան յայտարարեց, որ իր յոյսը կը դնէ «ո՛չ միայն միջազգային հանրութեան ճնշումներուն վրայ, այլեւ Ատրպէյճանի հետ կառուցողական բանակցութիւններուն եւ Պաքու-Ստեփանակերտ հաստատութենական  երկխօսութեան վրայ»: Ո՛չ մէկ միջազգային երաշխիք կրնայ պաշտպանել արցախցիներու բարեկեցութիւնը Ատրպէյճանի դաժան կառավարման ներքոյ: Ալիեւ պիտի անտեսէ արտաքին բոլոր ճնշումները, քանի որ յաճախակի կը յայտարարէ. «ի՛նչ ալ ըսէ միջազգային հանրութիւնը, ես կ՛ընեմ ա՛յն, ինչ որ կ՛ուզեմ»:

5) Փաշինեան արցախցիները կը նետէ գայլին երախը` ըսելով անոնց, որ յատուկ համաձայնութիւններ ձեռք բերեն Ատրպէյճանի հետ: Ան իր ձեռքերը կը լուայ Հայաստանի քաղաքացի արցախցիներէն: Առանց Հայաստանի աջակցութեան, փոքրիկ Արցախը ինչպէ՞ս կրնայ կռուիլ Գողիաթ Ատրպէյճանի դէմ: Եթէ Հայաստան չի պաշտպաներ սեփական քաղաքացիներուն իրաւունքները Արցախի մէջ, Փաշինեան ինչպէ՞ս կրնայ ակնկալել, որ ուրիշներ երաշխաւորեն անոնց ապահովութիւնը:

6) Փաշինեան ո՛չ միայն կը խախտէ Հայաստանի եւ Արցախի շահերը, այլեւ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ աւելի կանուխ ընդունուած որոշումը: Իրաւական առումով, Փաշինեան իրաւունք չունի՛ Արցախը զիջելու Ատրպէյճանի: Ան Արցախին տէրը չէ՛: Ան չունի նաեւ խորհրդարանի կամ Սահմանադրական դատարանի հաւանութիւնը:

7) Մինչ Փաշինեան անխոհեմաբար կը վտանգէ արցախահայերու կեանքը` ծրագրելով զանոնք դնել Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ, ան հեգնաբար կ՛ընդունի, որ Ատրպէյճան «ցեղային զտումներու եւ ցեղասպանութեան» քաղաքականութիւն կը վարէ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ:

8) Հակառակ բոլոր նշաններուն, որ Փաշինեան կրակի հետ կը խաղայ, ան դեռ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել կ՛ուզէ դաժան թշնամիին հետ, որ մտադիր է հայերը պատառ-պատառ ընել, այլ ո՛չ թէ հաշտութիւն կնքել: 

9) Փաշինեանի զիջումները Ատրպէյճանին՝ շաբաթ մը ետք քաջալերեցին Ալիեւը, որ յաւելեալ  պահանջներ ներկայացնէ եւ սպառնայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի:

Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ, եթէ Փաշինեանի նման անփորձ, անկարող եւ պարտուած մարդը երկիր կը ղեկավարէ եւ կը մերժէ հրաժարական տալ:

Փաշինեան պէտք է գիտնայ, որ անիմաստ ի՛նչ թուղթ ալ ստորագրէ Ատրպէյճանի հետ` զիջելով Արցախը եւ «խաղաղութիւն կնքելով» Ատրպէյճանի հետ, հայ ժողովուրդը անոր անօրինական որոշումները պիտի ոչինչ համարէ եւ կտրականապէս պիտի մերժէ զանոնք: Այն պահուն, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխը անցնի ազգային նոր իշխանութիւն մը, ան առաջին իսկ օրէն չեղեալ պիտի յայտարարէ եւ վերանայի Փաշինեանի պարտուողական եւ հակահայկական բոլոր որոշումները:

Ասիկա միայն իմ կարծիքը չէ: Անցած շաբթուան ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի շարք մը հայկական մեծ կառոյցներ հանդէս եկան յայտարարութիւններով` դատապարտելով Փաշինեանի կողմէ Արցախի անընդունելի յանձնումը: Ցուցակին մէջ ընդգրկուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Դեմոկրատական Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, միաձայն որոշմամբ՝ Արցախի խորհրդարանի բոլոր 33 անդամները, եւ հայկական տասնեակ այլ կազմակերպութիւններ…

Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է միասնական ճակատ կազմէ ընդդէմ Փաշինեանի, հարիւր հազար կամ աւելի հայեր պէտք է հաւաքուին անոր երեւանեան նստավայրին դիմաց եւ անյապաղ պահանջեն հրաժարականը: Եթէ միասնական եւ զանգուածային ուժի այսօրինակ ցուցադրութիւն մը չկազմակերպուի, Փաշինեան կը մնայ իշխանութեան ղեկին, մինչեւ որ կործանէ ե՛ւ Արցախը, ե՛ւ Հայաստանը․․․

Թարգմանեց` Ռուզաննա Աւագեան

Share