«Փաշինեան կորսնցուցած է հայ ազգի ղեկավարման իր բարոյական կողմնացոյցը»- Տարօն Տէր Խաչատուրեան

«Փաշինեան կորսնցուցած է հայ ազգի ղեկավարման իր բարոյական կողմնացոյցը»- Տարօն Տէր Խաչատուրեան

Զուիցերիոյ մէջ , Յունուար 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ՀՀ-ի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած արտայայտութիւններու լոյսին տակ, Լոս Անճելըսի AATV յայտագրի ԲԱՐԵՒ ծրագրի հաղորդավար Նունէ Աւետիսեան հարցազրոյց մը կատարած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Կլէնտէյլ Գոլէճի դասախօս Տարօն Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Յիշեցման կարգով Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան հետեւեալը ըսած էր.  «Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեանն էլ պէտք է վերադառնանք: Պէտք է հասկանանք` լաւ, ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ է տեղի ունեցել: Եւ ինչպէ՞ս ենք մենք դա ընկալել, ո՞ւմ միջոցով ենք ընկալել: Ո՞նց է, որ 1939 թուին Հայոց Ցեղասպանութեան օրակարգ չի եղել, եւ ո՞նց է, որ 1950 թուին Հայոց Ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուել է: Ո՞նց է եղել, մենք պէ՞տք է հասկանանք, թէ չպէտք է հասկանանք: Այս թեմաների հետ պէտք է յարաբերուենք, թէ չպէտք է յարաբերուենք: Մենք մեր ինքնութիւնը կառավարում ենք, թէ մենք մեր ինքնութիւնը չենք կառավարում»:

Փաշինեան ընդգծած էր, որ ասոնք «ֆունդամենտալ (հիմնարար) հարցեր են, որոնք պէտք է հասկանանք, որ մեր խնդիրները լուծենք»:

Հարցազրոյցի ընթացքին Տէր Խաչատուրեան կը հաստատէ թէ Եղեռն բառը արդէն իսկ 1915-ին, ի միջի այլոց Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ գործածուած էր, բնութագրելով հայոց զանգուածային տեղահանութիւնը, սպանդն ու կոտրորածը, սովամահութիւնը: Ապա Րաֆայէլ Լէմքին 1948-ին ՄԱԿԻ ծիրէն ներս Ցեղասպանութիւն (Genocide) բառը մուծած էր համաշխարհային բառամթերքէն ներս, նա՛եւ յատուկ կերպով ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան, Հրեաներու Ողջակիզման կողքին:

«Այս շինծու, սին, անտեղի հարցադրումները յստակ մտահութիւն և ցասում կը յառաջացնեն հայ ժողովուրդէն ներս, եւ ո՛չ միայն» կը հաստատէ Տէր Խաչատուրեան:

Ապա, ան կ’աւելցնէ «Հիմնականին մէջ, ներկայիս, ինչ-ինչ նկատարումներով վարչապետը կը փափաքի Թուրքիոյ կամակատարը ըլլալ, աշխարհաքաղաքական ինչ-ինչ հաշիւներով, պարզապէս որովհետեւ հաւանաբար կ’ենթադրէ որ, այս ձեւով, իր սի՛ն ու սխալ տրամաբնութեամբ, Հայաստանի ինքնապաշտպանութիւնն ու անվտանգութիւնն է որ կը զօրացնէ: Խորքին մէջ, ինչպէս ցարդ տեսանք այլուր, իր պաշտօնավարութեան իսկ օրոք, ճի՛շդ հակառակն է որ տեղի ունեցաւ, ապացո՛յց Արցախի հայաթափումը: Դժբախտաբար, ան անցած է մեր ցեղասպանութիւնը ուրացողներու կարգին: Պրն Փաշինեան կորսնցուցած է հայ ազգի ղեկավարման իր բարոյական կողմնացոյցը»:

Մանրամասները դիտել տեսանիւթին մէջ:

Share