Փաշինեան կը սխալի՝ մտածելով, որ Հայաստան համաձայնած էր Մեղրին փոխանակելու Արցախով

Փաշինեան կը սխալի՝ մտածելով, որ Հայաստան համաձայնած էր Մեղրին փոխանակելու Արցախով

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ ամիս փորձեց շեղել ուշադրութիւնը Հայաստանի ներկայի ողբերգական իրավիճակէն՝ մեղադրելով նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը։ Ասիկա սովորական հնարք է, որ Հայաստանի ներկայ ղեկավարին կողմէ կ՛օգտագործուի Արցախեան պատերազմի մէջ իր պարտութիւնը քողարկելու եւ երկրի ազգային շահերը չպաշտպանելու համար։

Ասիկա չի նշանակեր, որ նախկին ղեկավարները անթերի էին։ Անոնք բազմաթիւ սխալներ  թոյլ տուած են, եւ ես բազմիցս քննադատած եմ զանոնք՝ նախագահական պալատին մէջ դէմ առ դէմ նստած։ Անոնք, որոնք Փաշինեանի հասցէին իմ հնչեցուցած քննադատութիւնները կ՛որակեն իբրեւ նախկին ղեկավարներու պաշտպանութիւն, բացարձակապէս կը սխալին։

Ահա թէ ի՛նչ ըսած է Փաշինեան անցեալ ամիս, երբ վկայութիւն կու տար 2020-ի արցախեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական յանձնաժողովին. «2 Յունիս 2000-ին, «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ  հրատարակուած է  այն մասին, որ արտաքին գործոց նախարար  Վարդան Օսկանեան 25 Ապրիլ 2000-ին Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) հայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին,  իր բնորոշմամբ,  «շատ մասնաւոր, ոչ պաշտօնական ելոյթի» ժամանակ, յայտարարած է հետեւեալը. «Մեղրին կը տրուի Ատրպէյճանի, Լաչինը՝ Ղարաբաղի հետ՝ կը տրուի Հայաստանի։ Մեղրիով Հայաստանին կը տրուի գերիշխան ճամբայ, որով Հայաստան կրնայ գերիշխան հաղորդակցութեան մէջ մտնել Իրանի հետ»։ Փաշինեան աւելցուց. «Ելոյթը հրապարակուած է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի մէջ (2000-ին), որ  նաեւ  մէջբերած էր Օսկանեանի  այն  խօսքերը,  ըստ որոնց, վերոնշեալ առաջարկին մէջ «տրամաբանութիւն մը կայ» եւ «պէտք է դրուի լուրջ քննարկման…»։

Քանի որ Փաշինեան յղում կատարեց 25 Մայիս 2000-ին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ իմ գրած խմբագրականիս, որմէ քանի մը տող վերատպուած էր «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ, կը փափաքէի պարզաբանել զայն՝ մէջբերելով 23 տարի առաջ գրած յօդուածէս՝ «Մեղրին փոխանակել Ղարաբաղի հետ. լա՞ւ գաղափար, թէ՞ քաղաքական ինքնասպանութիւն» վերնագրով։

Այն, ինչի մասին որ կ՛ակնարկէ Փաշինեան, 1992-ին պետական քարտուղար Ճէյմզ Պէյքըրի յատուկ խորհրդական Փօլ Կոպըլի առաջարկն էր՝ Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարաւային շրջանը՝ Մեղրին, Արցախի հետ փոխանակելու վերաբերեալ։ Այս գաղափարը մերժուեցաւ այդ օրերու նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, իսկ այնուհետեւ՝ Ատրպէյճանի այդ օրերու նախագահ Հէյտար Ալիեւի կողմէ։

Փաշինեան մասամբ կը խեղաթիւրէ Կլենտէյլի մէջ Օսկանեանի ըսածը. 2000-ի իմ  խմբագրականին մէջ ես մէջբերած եմ  Օսկանեանի խօսքերը. «Բազմաթիւ խօսակցութիւններ կան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին։ Քննադատութիւններ կան, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն Մեղրին տալ Ատրպէյճանի։ Իրականութիւն է, որ այդ լուրերուն մէջ ճշմարտութեան փոքր տոկոս մը կայ։ Տարածքներու փոխանակման վերաբերեալ նման առաջարկ եղա՛ծ է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Հայաստանի նախագահին։ Սակայն նման առաջարկ մերժուած է։ Հայաստան այդ չէ ընդունած որպէս բանակցութիւններու հիմք»։ Օսկանեան բազմիցս յայտարարած է, որ այս առաջարկը մերժուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։ Ապացոյցը այն է, որ Մեղրին չէ փոխանակուած Արցախով։

Այսուհանդերձ, Օսկանեան շարունակեց իր ելոյթը՝ հարցեր բարձրացնելով իր պնդման առնչութեամբ, որ Հայաստան մերժած է Կոպըլի ծրագիրը։ Փաշինեան այժմ կը շահարկէ Օսկանեանի լրացուցիչ յայտարարութիւնը։

Ահա թէ ի՛նչ ըսած է Օսկանեան իր լրացուցիչ յայտարարութեան մէջ, որուն մասին ես յայտնած եմ 2000-ի իմ յօդուածին մէջ. «Բայց թոյլ տուէք ըսել հետեւեալը. ես չեմ ուզեր, որ դուք զիս սխալ հասկնաք։ Այդ մերժուած է, կը մերժուի, եւ իրագործելի ծրագիր չէ։ Այսուամենայնիւ, սա այնպիսի առաջարկ է, որուն մասին արժէ մտածել։ Անիկա տեղի չ՛ունենար: Անիկա տեղի պիտի չունենայ, բայց երբ մարդիկ ըսեն, որ դաւաճանութիւն է նոյնիսկ ատոր մասին մտածելը, ես կ՛ուզէի պատասխանել։ Եկէք քիչ մը խորունկ մտածենք ասոր մասին: Այս առաջարկը յստակ տրամաբանութիւն ունի։ Պարզապէս զուտ զգացական  հիմքով նման առաջարկ մը մերժելը սխալ է։ Մենք այդ ըրած ենք։ Մենք պէտք է լրջօրէն վերլուծենք զայն։ Հետաքրքրական է՝ արդեօք մե՞նք կը սխալինք՝ ո՛չ ըսելով։ Մենք ինչէ՞ն կը վախնանք։ Ինչո՞ւ չենք վերլուծեր։ Թապո՞ւ է։ Եկէք ստուգման թերթիկ կազմենք, եկէք վերլուծենք թերթերուն մէջ: Անիկա ունի դրական եւ բացասական կողմեր: Ինչի համար որ ես կոչ կ՛ընեմ, այն է, որ այս հարցին մասին կարելի ըլլայ շատ առողջ բանավէճ եւ երկխօսութիւն ծաւալել, քանի որ այս առաջարկին մասին արժէ մտածել»:

Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ Օսկանեան փոխանակման առաջարկը բազմիցս մերժելէ ետք կը  շարունակէր ըսել, որ «արժէ մտածել»։ Իմ կարծիքով՝ մտածելու բան չկար։ Այդ ակնյայտօրէն անընդունելի առաջարկ էր, որով Հայաստանի կ՛առաջարկուէր փոխանակել հայկական  տարածք մը՝ Արցախը, հայկական մէկ այլ տարածքով՝ Մեղրիով։ Օսկանեանի վարկածային խօսքերը առիթ տուին Փաշինեանի՝ մեղադրելու զայն, նոյնիսկ այսպիսի վատ գաղափար մը նկատի ունենալուն համար։

2000-ի խմբագրականս աւարտած եմ հետեւեալ խօսքերով. «Հայաստան նման փոխանակումէ ոչինչ կը շահի, սակայն շատ բան կը կորսնցնէ»: Ես կը շարունակեմ մնալ նոյն կարծիքի վրայ։

Ի վերջոյ, անոնց համար, որոնք կը կարծեն, թէ քանի որ Հայաստան կորսնցուց Արցախի մեծ մասը 2020-ի պատերազմին, թերեւս Օսկանեան ճիշդ էր, երբ կը դիտարկէր Մեղրին Արցախի հետ փոխանակելը. պէտք է ըսեմ, որ Ատրպէյճանի անյագ ախորժակը չի բաւարարուիր Արցախի կամ նոյնիսկ Մեղրիի գրաւումով։ Կայսերապաշտական նկրտումները կը տարածուին ամբողջ Հայաստանի վրայ։ Հայաստանի ղեկավարները որքան շատ երթան տարածքային զիջումներու, այնքան աւելի խրախուսած կ՛ըլլան Ատրպէյճանը՝ պահանջելու հայկական յաւելեալ տարածքներ: Միակ լուծումը՝ հայկական զինուած ուժերը ժամանակակից մահաբեր զէնքով զինելն է եւ իր տարածքը ատրպէյճանական հետագայ ներխուժումներէն պաշտպանելը:

Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share