Յայտարարութիւն Հ․Յ․Դ ․ Շուէտի Կոմիտէի
Հ.Յ.Դ. Շուէտիոյ Կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար տարիներ շարունակ անձնազոհութեամբ պայգարած ընկեր Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով, պատճառաբանելով, թէ ինք կը համարուի «անցանկալի անձ», չկայ այլ լուսաբանութիւն, չկան նաեւ հրապարակային պարզաբանումներ:
Ակնյայտ է, որ այս դէպքը ունի համահայկական տարողութիւն եւ սկիզբ է արկածալից զարգացումներու: Նիկոլ Փաշինեանը արգիլելով սփիւռքի ազգային գործիչներու մուտքը Հայաստան կը փորձէ ճեղք մտցնել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, ինչ որ կը սպառնայ հայութիւնը պառակտելու, անոր ներուժը հարուածելու եւ դիմադրողականութեան ուժը թուլացնելու վտանգին: Փաշինեանի սանձազերծած դաշնակցական գործիչներու դէմ բռնատիրական հալածանքները, ինչպէս նաեւ այս տհաճ դէպքը, խիստ զայրոյթ կը պատճառէ մեզ եւ անհամար հայրենակիցներու:
Առ այդ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայի իշխանութիւնը պարտաւոր է անյապաղ պարզաբանել կատարուած անախորժ դէպքը եւ շտապ վերացնէ ընկեր Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ «անցանկալի անձ« նկատուող արգելքը։ Ի վերջոյ խստիւ կը պահանջենք դադրեցնել բռնապետական հալածանքները հանդէպ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործիչներուն:
ՀՅԴ Շուէտիոյ Կոմիտէութիւն
15 Յուլիս, 2022
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայ Դատի Մարմինը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտեան այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ։
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլման նկատմամբ իր մտահոգութիւններն ու բողոքը։
Պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց, որ կատարուածը կը նկատէ Թուրքիոյ հաճոյանալու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան վարչակազմին առաջին իսկ օրէն հայութիւնը պառակտելու, անոր ներուժն ու դիմադրողականութիւնը հարուածելու վարքագիծին մէջ մագլցողական քայլ մը, որ պատահական չէ՝ նկատի ունենալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Արցախի հարցերու ներկայիս թեւակոխած վտանգաւոր փուլը։
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ կատարուածը նկատեց ՀՅԴ-ն լռութեան մատնելու համար Փաշինեանի վարչակարգին կողմէ կիրարկուող բռնապետական միջոցներու շարունակութիւնը։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպանին փոխանցեց, որ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը կը շարունակէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայ դատի մարմինին համար մնալ գաղափարական գերագոյն արժէք, եւ իրենք այդ արժէքին վրայ խարսխուած կը տեսնեն Հայաստանի ու հայութեան հզօրացումը եւ համահայկական մեր իտէալներու իրականացումը: Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած այս քայլը կը նկատեն այդ պահանջատիրական երթը խոչընդոտելու, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած սփիւռքը տկարացնելու ու իր մենատիրական նկրտումներուն համար կարելիութիւններ ստեղծելու անհեռատես եւ ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած արարք մը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին արդար պահանջն ու ակնկալութիւնն է, որ անմիջապէս վերացուի Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ որդեգրուած այս կամայական վճիռը, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ փրկել մեր հայրենիքին մէջ ժողովրդավարութենէն մնացած մասնիկը:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումի աւարտին դեսպան Աթաբէկեանին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հասցէագրուած յուշագիր մը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Յստակ եւ ամբողջական տեղեկութիւններ են պէտք
«Մտահոգիչ են Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները եւ Հայաստան Մուրադ Փափազեանի մուտքի արգելումը»․ Արամ Ա
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը ֆէյսբուի էջում գրառում է արել անդրադառնալով վերջին շրջանում Հայաստանում կատարւող իրադարձութիւններին․
«Մտահոգիչ են վերջին օրերին Հայաստա
նում տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս՝ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնների, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրադ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելքի մասով: Նման երեւոյթները կարող են բացասական հետեւանքներ ունենալ, մասնաւորապէս, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնների համար: Անհրաժեշտ է հանրութեանը յստակ եւ ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցել»։
ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը
ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անունից դատապարտում ենք փաշինեանական վարչախմբի կողմից ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնների խորհրդի համանախագահ Մուրադ Փափազեանի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքի արգելումը:
Ապազգային այս վարքագիծը այլ բան չէ, քան հայ ժողովրդի ազգային ազատագրական պայքարի դէմ ուղղւած քայլ եւ ուղակի աջակցութիւն թուրք-ադրբեջանական հայակործան քաղաքականութեանը:
Ընկեր Մուրադ Փափազեանն իր գիտակցական ամբողջ կեանքը նւիրել է Հայ դատի ուղղութեամբ տարւող աշխատանքներին:
Դաշնակցական գործիչը, դաշնակցութեան աւանդոյթներին համահունչ, քիչ է բարձրաձայնում արածի մասին: Անշուշտ, պատմութիւնը կը վկայի նրա՝ անսակարկ նւիրումի արդիւնքում ունեցած ազգեցիկ դերակատարութիւնը հայ ժողովրդին ի նպաստ արձանագրւած յաղթանակների շարքում:
Այդ առումով Մուրադ Փափազեանը մեծ դեր է ունեցել հայ-ֆրանսիական յարաբերութիւնների, Ֆրանսիայի տարբեր ատեաններում Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ՝ Արցախեան հիմնահարցի ուղղութեամբ Ֆրանսիայի հայանպաստ դիրքորոշումների արձանագրման աշխատանքներում:
Արցախի քաղաքական դաշտում միշտ կարեւորւել է եռամիասնութեան գաղափարը: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն այն կարեւոր կռւանն է, որի վրայ հենւելով՝ հայ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունի բազմապատկելու իր ներուժը եւ արդիւնաւորելու ազգային իդեալների ուղղութեամբ տարւող պայքարը: Փաշինեանի կողմից Սփիւռքի հանդէպ տարւող քաղաքականութիւնը հարւած է այդ եռամիասնութեանը: Մուրադ Փափազեանը, լինելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնների խորհրդի համանախագահ, մեծ հեղինակութիւն է վայելում Եւրոպայի ամենամեծ հայկական համայնքում:
Ազգային միասնութեանը հարւածող, թրքահաճոյ ուղղութիւն որդեգրած Հայաստանի իշխանութիւնների վարած քաղաքականութիւնն ապացոյցն է ապազգային մտայնութեան եւ շարունակութիւնն է պարտւողի հոգեբանական բարդոյթի:
Համոզւած ենք, որ Արցախեան 2020թ. պատերազմի հետեւանքով վիրաւոր Արցախի ապաքինումը հնարաւոր կը լինի ազգային արժէքների եւ միասնութեան վեհ գաղափարը կրող իշխանութեան առկայութեան դէպքում:
Կոչ ենք անում վերանայել Մուրադ Փափազեանի դէմ կամայական, ապօրինի կեցւածքը եւ չխորացնել հայ ժողովրդի տարբեր հատւածների մէջ խրւած պառակտման սեպը:
ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէ
15.07.2022
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէի
Ստորին քայլով մը՝ փաշինեանական ապիկար ռեժիմը Հայաստանէն կը հեռացնէ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու խորհրդի համանախագահ, ազգային գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Մուրատ Փափազյանը եւ զայն կը նկատէ անցանկալի անձ Հայաստանի մէջ, առանց որեւէ հիմնաւորմամբ կամ օրինական պատճառներու հիմքը պարզաբանելով։
Սա ոչ միայն անարգանք է երկար տարիներ Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Դատի նուիրագործման լծուող ընկեր Մուրատին եւ իր կուսակցութեան, այլ բոլոր Սփիւռքահայերուն դէմ ուղղուած թշնամական արարք մըն է, որ լոկ կը բխի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի շահերու ծառայութեան։
Փաստօրէն, ԼՏՊ-ի գործակալ սանիկը իր ոհմակին հետ միասին կը կրկնէ, հոգեւոր հոր տխրահռչակ արարքները, երբ ան 30 տարի առաջ Հայաստանէն հեռացուց ՀՅԴ Բիւրոյի այն ժամանակուայ ներկայացուցիչ ընկեր Հրայր Մարուխեանին։
Այս փոքրոգի արարքով, փաշինեանը ցուցաբերեց այլամերժութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն իր ռեժիմին դէմ խօսող գործիչներուն վերաբերեալ։ Արդարեւ, Հայաստանը դաւաճան ռեժիմի լուծի տակ կը վերածուի բռնապետական եւ ոստիկանապետական երկիր, ուր ժողովրդավարութիւնը կը բռնաբարուի, ազատ խօսքի իրաւունքը կը ոտնահարուի եւ մարդու իրաւունքներու նորմերը կը խախտուին ամէնօրեայ դրութեամբ։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէն իր յարակից միութիւններով՝ խստօրէն կը դատապարտեն ընկեր Մուրատին հեռացման որոշումը կայացնող ազգադաւ փաշինեանական աւազակախմբին ստոր վարմունքը։ Միաժամանակ, կը վերահաստատէ շարունակել իր նուիրումը, աննկուն կամքով ծառայելու Հայ Ազգին ու իր Դատին, պաշտպանելու Հայաստանի եւ Արցախի ազգային շահերը, ի հեճուկս փաշինեանական մենատիրութեան դաւադրութիւններուն։
Առանց նիկոլ Հայաստան լինելու է։
ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէ
15 Յուլիս 2022
Յայտարարութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ ընկեր Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը, որ կը նկատէ հայրենիքի մէջ հետզհետէ զարգացող հակաժողովրդական երեւոյթներու շարունակութիւնը:
Ապազգային քաղաքական ծրագիրներ իրականացնող այսօրուայ իշխանութիւններու վերաբերմունքը, ամբողջ կեանք մը Հայաստանի, Արցախի ու Հայ Դատի նուիրած զինուորի մը հանդէպ, վերջին շրջանին հալածանքներուն եւ բռնաճնշումներուն շարունակութիւն է:
Այս առնուած տխրահռչակ քայլը, քաղաքականօրէն մոլորուած իշխանութիւններուն փորձն է, տապալելու սփիւռքի պահանջատիրական օրակարգը, առանց նախապայմաններու սկիզբ առած Հայաստան-Թուրքիայ յարաբերութիւններուն, ի գին մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ՄԵՐ օրակարգին:
Կոչ կ՚ուղենք ՀՀ իշխանութիւնններուն, որ անյապաղ բեկանեն ընկեր Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ կեղծ ու ապակողմնորոշող տուեալներու վրայ առնուած որոշումը, ինչպէս նաեւ դադարեցնել Դաշնակցական գործիչներու դէմ հալածանքները եւ ժողովուրդը պառակտելու փորձերը:
ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէ
15 Յուլիս 2022
Նիկոսիա – Կիպրոս
ՀՅԴ Ռուսաստանի Պատասխանատու մարմնի եւ ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակի յայտարարութիւնը․
Այս արկածախնդիր որոշմամբ Փաշինեանը մարտահրաւէր է նետում առաջին հերթին Հայաստան֊Սփիւռք միասնութեանը
ՀՅԴ Ռուսաստանի Պատասխանատու մարմնի եւ ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակի յայտարարութիւնը
ՀՅԴ Ռուսաստանի Պատասխանատու մարմինը եւ ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակը խստօրէն դատապարտում են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ազգային գործիչ Մուրադ Փափազեանի, որպէս «անցանկալի» անձի, Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքի արգելումը։
Առանց որեւէ իրաւական հիմնաւորման եւ պարզաբանումների կայացուածուած այս որոշումը լի է վտանգներով։ Այն մէկ անգամ եւս փաստում է, որ Հայաստանում իշխանութիւնը զաւթած թշնամախումբը հետ չի կանգնելու Հայաստանի պետականութիւնը ծնկի բերելու եւ համահայկական համախմբումը ջարդելու իր ազգադաւ ծրագրից։ Թիրախաւորելով Եւրոպայում եւ, մասնաւորապէս, Ֆրանսիայում բացառիկ ազդեցութիւն ունեցող ազգային գործչին՝ Փաշինեանը եւ վարչախումբը ուղղակիօրէն կատարում են Թուրքիայի պահանջը եւ «խաղաղութեան» կեղծ օրակարգի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, այն է՝ խափանել հայկական սփիւռքի պահանջատիրութիւնն ու Հայ դատի պաշտպանութեան տասնամեակների պայքարը։
Այս արկածախնդիր որոշմամբ Փաշինեանը մարտահրաւէր է նետում առաջին հերթին Հայաստան֊Սփիւռք միասնութեանը եւ ազդարարում հակահայկական նոր ճակատի ձեւաւորման փաստը։
ՀՅԴ Ռուսաստանի կառոյցը անընդունելի է համարում Փաշինեանի հակահայկական այս որոշումը եւ պահանջում է անյապաղ վերացնել Մուրադ Փափազեանի «անցանկալի անձի» կարգավիճակը, պարզաբանումներ տալ արգելանքի իրական նպատակների վերաբերեալ եւ վերացնել որոշման իրաւական եւ բարոյական հետեւանքները։
ՀՅԴ Ռուսաստանի Պատասխանատու մարմինը եւ ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակը հետեւողականօրէն շարունակելու են պայքարել հանուն Հայաստան֊Սփիւռք միասնականութեան, հանուն հայկական պահանջատիրութեան արդար լուծման, եւ ոչ մի ազգադաւ որոշում անհետեւանք չի մնալու։
Կրկին անգամ պահանջում ենք ՀՀ իշխանութիւններից անյապաղ բեկանել խնդրոյ առարկայ որոշումը եւ զերծ մնալ ազգային համախմբուածութիւնը ջլատող սադրանքներից եւ գործողութիւններից։
ՀՅԴ Ռուսաստանի Պատասխանատու մարմին
ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակ
15 Հուլիսի 2022թ․
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն ու ամբողջ կառոյցը՝ խստիւ կը դատապարտեն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը:
Այս վարքագծով, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին յայտնուած վարչախումբը, կամայականօրէն ու գձուձ կերպով՝ անգամ մը եւս կ՚ոտնահարէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներն ու չափանիշերը եւ կը հարուածէ Հայաստանի պետական շահերուն։
Իբրեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող Խորհուրդի (CCAF) համանախագահ, Մուրատ Փափազեան բազմիցս ընկերակցած կամ գլխաւորած է ֆրանսական պետական բարձրաստիճան պատուիրակութեանց այցելութիւնը Հայաստան: Ան այս պարտականութիւնը կամովին իր ուսերուն առած է տասնամեակներէ ի վեր՝ ի շահ Հայաստանի ու Արցախի։
Հայրենիք իր մուտքի խափանման առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայի իշխանութիւնը պարտաւոր է անյապաղ բացատրութիւն տալ կատարուածին առնչութեամբ։
Ժողովրդավարութեան «դրօշակիր» իշխանութիւններու այս գործելաոճը յստակօրէն կը փաստէ, որ կատարուածը շարունակութիւնն է իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական արշաւին, որուն դրսեւորումներն են վերջին ժամանակշրջանին կուսակցութեան անդամներու կալանաւորումները եւ այլ տիպի հալածանքներն ու բռնաճնշումները։
Ակնյայտ է, որ կատարուածը ժողովրդավարութեան, ազատ խօսքի եւ ազատ շրջագայութեան իրաւունքի դէմ հարուած է։ Այս ու նմանօրինակ արարքներով՝ «Հայաստանի պրենտը՝ ժողովրդավարութիւնն է» բարբաջող ՔՊ-ական ռեժիմն ու անոր ղեկավարը՝ անգամ մը եւս կ’ապացուցեն իրենց բարձրաձայնած կարգախօսներու սնանկութիւնն ու կեղծիքը: Աւելի’ն՝ ներազգային առումով, անոնք կը շարունակեն սեպեր խրել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, մինչ միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բնականոնացման ջերմ քայլեր կը նախաձեռնեն: Առիթ մը եւս՝ ցոյց տալու իրենց ապազգայի՛ն դէմքն ու քաղաքական նանրամտութիւնը, առիթ մը եւս՝ ընդգծելու իրենց ստանձնած օտարամուտ պատուէրներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը:
ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը իր բուռն ընդվզումը կը յայտնէ ժողովրդավարութեան ամբողջովին հակոտնեայ այս նենգ արարքին հանդէպ եւ կը պահանջէ Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ «անցանկալի անձի» արգելքի անմիջական վերացումը։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
14 Յուլիս, 2022 թ.
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի
Ո՞ւր կորսուած է ժողովրդավարութիւնը,
ո՞ւր կորսուած է քաղաքական բարոյականութիւնը եւ
մարդու անձնական իրաւունքները
Հինգշաբթի, 14 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն տեղեկացանք, թէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համանախագահ՝ ընկ. Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան արգիլուած է, իսկ ինքը «անբաղձալի անձ» նկատուած ըլլալով Հայաստանի համար, պարտադրուած է ետ վերադառնալու Ֆրանսա։ Անհասկնալի, մերժելի ու խստօրէն դատապարտելի արարք մը, որ գործուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, Հայ դատի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար տարիներ շարունակ անձնազոհութեամբ պայքարած ընկ. Մուրատ Փափազեանին դէմ։
Երկար ժամանակէ ի վեր Դաշնակցական գործիչներու դէմ սանձազերծուած հալածանքներու երկար շարքին վրայ բարդուող յոռի այս երեւոյթը, սաստիկ զայրոյթ կը պատճառէ մեզի, ինչպէս եւ հազարաւոր հայրենակիցներու, մտածելով թէ հայկական ընկերութեան եւ արդարութեան դէմ ինչպիսի՛ այլ ծայրայեղ ու քինախնդիր քայլերու կրնայ դիմել այս իշխանութիւնը։ Ո՞ւր կորսուած է քաղաքական բարոյականութիւնը, ո՞ւր կորսուած է ժողովրդավարութիւնը ու մարդու անձնական իրաւունքները։
Ցաւով կը նշենք, թէ իրար պառակտելու, ժողովուրդը թունաւորելու եւ սփիւռքահայութիւնն ու հայրենիքի բնակչութիւնը իրարմէ հեռացնելու գիծեր յառաջացնող վերջնական տարբերակ է այս արարքը, որ ընկեր Մուրատ Փափազեանը կը թիրախաւորէ այս պահուս։
Կը պահանջենք մեր ընկերոջ «անցանկալի անձ» նկատուող արգելքի անմիջական վերացումը։ Կը պահանջենք անմիջական դադրեցումը Դաշնակցական գործիչներուն դէմ իրականացող հալածանքներուն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Աթէնք, 15 Յուլիս 2022
Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը
Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի համանախագահ՝ ընկեր Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը:
Փաշինեանի թրքամէտ եւ թրքանպաստ իշխանութիւնները սոյն արարքով հստակօրէն կ’ոտնահարեն ժողովրդավարութեան միջազգային չափանիշները՝ ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան եւ ազատ շրջագայութեան մարդկանց իրաւունքը: Ուստի կու գայ արտայայտելու նաեւ՝ Դաշնակցութեան նկատմամբ յստակ կեցուածք:
նշենք թէ՝ ընկեր Մուրատի մուտքը արգիլուած է Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, իսկ այսօր՝ Հայրենիք…..
Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբ
14 Յուլիս 2022
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէի
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջանը խստօրէն կը դատապարտէ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ՀՀ-ի իշխանութիւններուն գործած կոպիտ սխալը՝ հայրենազրկել Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ, Հայաստան-Սփիւռք յառաբերութիւններու ջատագով բազմավաստակ ազգային-հասարական գործիչ Մուրատ Փափազեանը: Հեքնական ու ցաւալի է, որ Հայրենազրկողը Թուրքն ու Ազերին չէ, այլ՝ հայրենի իշխանութիւնները: Այնքան ատեն, որ չկան փաստացի դատաիրաւական գործընթացներ, որոնք կ՛արդարացնեն նման անհամաչափ ու հակաժողովրդավարական որոշում մը, սոյն քայլը՝ պարզապես բռնապետական ու ապազգային նոր գագաթ նուաճելու դրսեւորում մըն է:
Մէկ կողմէ ՀՀ-ի ապագագային ու պետականակործան իշխանութիւնները Արցախի հիմնահարցի գծով նշաձող կ՛իջեցնեն, խաղաղութեան խաբկանքին տակ հայ մարդուն արժանապատւութիւնը կը խոցեն ու պետականութիւնը կը վտանգեն, միւս կողմէ բռնապետութեան նշաձողը կը բարձրացնեն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ արդէն իսկ առկայ սեպը կը խորացնեն: Նման դատապարտելի արարքներ միայն ու միայն հակահայ շրջանակներու ջրաղացին ջուր կը լեցնեն ու ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն հայրենիքի ու մեր ժողովուրդին բարօրութեան ու վերելքին:
Հարկ է նշել, որ ՀՀ-ի հայրենազրկող իշխանութիւնները ուշ կամ կանուխ քնայուն են, իսկ հայրենիքն ու պետականութիւնը մնայուն արժէքներ: Փափազեանին ու իր գաղափարակից ընկերներուն, հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հայրնեազրկուիլը, բանտարկուիլը, հալածանքի ենթարկուիլը, հաստատ ժամանակաւոր են, ապարդիւն ու ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունին անոնց հայանպաստ, ազգանուէր ու պետականմետ գործունէութեան վրայ:
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէ
14 Յուլիս 2024