Հայ գիրքի համահայկական ցուցահանդէս

Հայ գիրքի համահայկական ցուցահանդէս

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը 9-18 հոկտեմբեր 2024-ին կազմակերպած է հայ գիրքի համահայկական ցուցահանդէս։ Ցուցահանդէսին հրաւիրուած են մասնակցելու հայրենիքի եւ սփիւռքի հրատարակչատուներ, անհատ հրատարակիչներ եւ հեղինակներ։
Ցուցադրութեան համար նկատի առնուած են 2014-2024 ժամանակաշրջանին լոյս տեսած հրատարակութիւնները։
Ցուցահանդէսի ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ կազմակերպել գրական հանդիպումներ, գիրքերու ներկայացումներ եւ գեղարուեստական յայտագիրներ։
Գրացուցակները պէտք է հրատարակչատուն հասած ըլլան մինչեւ 31 օգոստոս 2024։
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կրնաք կապ հաստատել
E-mail. bookstore@hamazkayin.com
Whatsapp 00961-70-580167

Share