Թուրքիան ընդհանրապէս սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է պաղեստինեան ու սուրիական հողեր գրաւած Իսրայէլի հետ: Հակառակ անոր որ մերժած է ՄԱԿ-ի 1947-ի տարածքներու բաժանումին առնչուող բանաձեւը, մէկ տարի ետք` 1948-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Իսրայէլի գոյաւորումը:
Ու թէեւ այդ յարաբերութիւնները վերջին երկու տասնամեակներուն ենթարկուած են լուրջ վերիվայրումներու, սակայն Թուրքիան երկար ժամանակի վրայ չէ խզած իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ:
Արցախի դէմ Ազրպէյճանի մղած պատերազմին ընթացքին Թուրքիան ուղղակի կողմ դարձաւ ու Ազրպէյճանին տրամադրեց ոչ միայն զէնք ու զինամթերք, այլ նաեւ ծանր հրետանի, սպայակազմ եւ մասամբ նորին: Ազրպէյճանին զինուորական օժանդակութեան կողքին, Թուրքիան քաղաքական գետնի վրայ եւս նեցուկ կանգնեցաւ անոր ու յաւելեալ ճնշում բանեցուց Հայաստանի վրայ` յաւելեալ զիջումներ խլելու անկէ:
Պաղեստինի պարագային նոյնը չեղաւ սակայն: Թուրքիան մէկ կողմէ պաղեստինեան եւ արաբական հանրութեան ցոյց տուաւ, որ կը դատապարտէ Իսրայէլն ու անոր յարձակումները, միւս կողմէ, սակայն, ոչ թէ զօրավիգ կանգնեցաւ պաղեստինեան դիմադրութեան, այլ` նախընտրեց միջնորդի դերը յանձն առնել, հրապարակային ելոյթներով Իսրայէլը դատապարտել պարզապէս ու զինադադարի կամ ճանապարհային քարտէզի իր տարբերակը առաջարկել իբրեւ միջնորդ` պաղեստինցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն առաքելու պատրաստակամութեան կողքին:
Պաղեստինեան պատերազմի այլազան փուլերուն երեւելի դարձած է Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու պահպանման կարմիր գիծը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Թուրքիան գործակցեցաւ Սուրիոյ իշխանութիւնները տապալել փորձող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ, անոնց զօրավիգ կանգնեցաւ զէնքով ու զինամթերքով` այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճանին` Արցախի պատերազմի օրերուն, ու սուրիական տարածքներ գրաւեց` յագուրդ տալով ծաւալապաշտական իր նկրտումներուն:
Պաղեստինեան հարցին մէջ Թուրքիան` վերահաստատելով լարախաղացի իր դերակատարութիւնը, փաստօրէն կը փորձէ ոչ թէ նեցուկ կանգնիլ Պաղեստինի ժողովուրդին, անոր դիմադրական շարժումին, այլ` պատերազմող կողմերուն միջեւ միջնորդի դեր խաղալով, հակակշռել Իրանի եւ այլ արաբական երկիրներու ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ:
Խմբագրական «Գանձասար»-ի