Թուրքերուն ճնշող մեծամասնութիւնը օտար երկիրները թշնամի կը նկատէ

Թուրքերուն ճնշող մեծամասնութիւնը օտար երկիրները թշնամի կը նկատէ

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Նկատի առնելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յաճախակի եւ հրահրող յարձակումները Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Իսրայէլի վրայ, զարմանալի չէ, որ թուրքերուն ճնշող մեծամասնութիւնը այդ երկիրները կը նկատեն իրենց մեծագոյն թշնամիները: Ասիկա լուրջ հարց է, քանի որ Թուրքիան՝ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ, արեւմտեան ռազմական դաշինքին մաս կը կազմէ: Ցաւօք, ՕԹԱՆ-ը չունի այնպիսի գործիքակազմ, որով կրնայ վտարել սխալ վարքագիծ դրսեւորած անդամը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ համար դաշինքէն դուրս գալու միակ տարբերակը կամաւոր հրաժարականն է:

Արեւմուտքի դէմ Էրտողանի յարձակումները անոր ռազմավարութեան մէկ մասը կը կազմեն՝ շեղելու թուրք հասարակութեան ուշադրութիւնը երկրի ներքին տնտեսական լուրջ հարցերէն եւ քաղաքական խառնաշփոթէն` նպատակ ունենալով ամրապնդել իր նուազող ժողովրդականութիւնը:

Թրքական ASAL Araştırma ve Danışmanlık ընկերութեան կողմէ վերջերս կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները բացայայտած են, որ թուրքերու 84 տոկոսը Իսրայէլը կը նկատէ թշնամի, 75 տոկոսը թշնամական վերաբերմունք ունի Միացեալ Նահանգներուն նկատմամբ, իսկ 55 տոկոսը Ֆրանսային հետ կը վերաբերի որպէս հակառակորդի: Համապատասխանաբար 7 տոկոսը, 14 տոկոսը եւ 25 տոկոսը այդ երկիրները կը նկատեն բարեկամական, իսկ մնացածները ոչ մէկ կարծիք յայտնած են: Այս հակաարեւմտեան տրամադրութիւնը արդէն կայուն կերպով կ՛աճի տարիներէ  ի վեր։

Էրտողանի յարաբերութիւնները յատկապէս սրուեցան Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պայտընի հետ, որուն նախագահութեան օրերուն Էրտողանին արգելուած էր այցելել Սպիտակ տուն: 2020 թուականի յունուար 17-ին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այն օրերուն նախագահական թեկնածու Պայտընը Էրտողանը անուանած էր «բռնապետ», խոստացած աջակցիլ անոր հակառակորդներուն եւ պաշտպանել անոր ընտրական պարտութիւնը: Էրտողանի խորհրդական Իպրահիմ Քալընը պատասխանած է Պայտընին՝ զայն մեղադրելով անտեղեակութեան, ամբարտաւանութեան եւ կեղծաւորութեան համար, մինչդեռ Թուրքիոյ օրուան արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կասկած յայտնած էր, թէ՝ «այսքան ապատեղեկացուած անձ մը ինչպէ՞ս կը փափաքի կառավարել երկիրը [Միացեալ Նահանգները]»:

Էրտողանի մեծագոյն հարուածներէն մէկը եղաւ 2021 թուականի ապրիլ 24-ին, երբ նախագահ Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, բան մը, որ կտրուկ փոփոխութիւն էր Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ: Էրտողան պատասխանեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահը անհիմն, անարդար եւ կեղծ յայտարարութիւններ կատարած է մեր տարածաշրջանին մէջ  աւելի քան մէկ դար առաջ տեղի ունեցած տխուր իրադարձութիւններուն մասին: Յոյսով եմ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կարելի եղածին չափ շուտ ետդարձ կը կատարէ այս սխալ քայլէն»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ այս թեմային շուրջ լուրջ զրոյց պիտի ունենայ Պայտընին հետ, երբ անոնք յունիս 2021-ին հանդիպին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին։  Սակայն, այդ հանդիպման ընթացքին Էրտողան չբարձրացուց Ցեղասպանութեան հարցը:

Պատմական վէճերէն բացի, Էրտողան Պայտընի հետ բախում ունեցած է Ուքրանիոյ եւ Կազայի հարցով, Թուրքիոյ կողմէ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան խոչընդոտելու հարցով եւ ռուսական S-400 օդային պաշտպանութեան համակարգի գնման հարցով, որուն պատճառով Միացեալ Նահանգներ արգելափակեց Թուրքիոյ կողմէ F-35 ժամանակակից կործանիչներու գնումը: Էրտողանը նաեւ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը եւ քննադատեց Ուաշինկթընի որոշումը՝ հիւրընկալել Թուրքիոյ այլախոհ հոգեւորական Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը:

Իսրայէլի նկատմամբ Էրտողանի թշնամութիւնը մեծապէս աւելցած է: 2023 թուականի հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ Համասի յարձակման եւ անոր յաջորդած Իսրայէլի ռազմական պատասխանէն ետք Կազայի մէջ, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները խրեցան թշնամութեան մէջ:

2009 թուականին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին ներկայ համաշխարհային ղեկավարներուն առջեւ Էրտողան ուղղակի ճակատում ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ` յայտարարելով. «Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ինչպէ՛ս դուք սպաննած էք երեխաները [Կազայի] լողափերուն»:

Կատաղի բախում արձանագրուեցաւ 2010 թուականին, երբ իսրայէլական զօրքերը բարձրացան թրքական նաւերը, որոնք կը փորձէին օգնութիւն հասցնել Կազայի հատուածին մէջ գտնուող պաղեստինցիներուն, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուեցան տասը թուրքեր եւ վիրաւորուեցին տասնեակ անձեր: Ի պատասխան՝ Թուրքիան տուն կանչեց Թէլ Աւիւի իր դեսպանը եւ Անգարայէն արտաքսեց Իսրայէլի դեսպանը: Էրտողան դատապարտեց միջադէպը իբրեւ «արիւնալի կոտորած»՝ ստիպելով վարչապետ Բենեամին Նեթանեահուն պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրել եւ 20 միլիոն տոլար վճարել զոհերուն ընտանիքներուն:

Վերջերս Էրտողան սաստկացուցած է իր բանաւոր յարձակումները Նեթանեահուի վրայ` զայն բաղդատելով «Հիթլըրի, Մոսոլինիի եւ Ստալինի` այսօրուան նացիներուն հետ», զայն բնութագրելով իբրեւ «Կազայի մարդասպան», եւ մեղադրելով պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնելու մէջ: Ան նաեւ յայտարարեց, որ «Նեթանեահուն պիտի ուղարկէ Աստուծոյ մօտ, որպէսզի վերջինը հոգ տանի անոր, զայն դժբախտ դարձնէ եւ անիծէ»:

Իսրայէլ ուժգնօրէն արձագանգեց․ յունուար 2024-ին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը` իր պատմութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն ունեցող երկրէն, այժմ կը յոխորտայ Իսրայէլի դէմ անհիմն մեղադրանքներով: Մենք կը յիշենք հայերն ու քիւրտերը: Ձեր պատմութիւնը ինքնին խօսուն է»: Վարչապետ Նեթանեահուն աւելցուց. «Էրտողան կը ժխտէ հայոց ողջակիզումը, իր սեփական երկրին մէջ կոտորածներ կը կատարէ քիւրտերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կ՛ոչնչացնէ վարչակարգի հակառակորդներն ու լրագրողները»:

Զարմանալիօրէն, ինչպէս Էրտողանը, այնպէս ալ Նեթանեահուն, որոնք կը մերժեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, զայն ընտրովի կ՛օգտագործեն իրարու վրայ յարձակելու ատեն: Իր աւելի ծայրայեղ յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ Էրտողանը վերջերս պնդեց, որ Իսրայէլը կը ծրագրէ ներխուժել Թուրքիա եւ զայն բռնի կցել իր տարածքին:

Էրտողանի ճակատումները կ՛անցնին Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի սահմաններէն անդին՝  տարածուելով դէպի Եւրոպա: 2017 թուականին ան Գերմանիոյ այսօրուան ղեկավարները բաղդատեց նացիստական ժամանակաշրջանի ղեկավարներուն հետ` զանոնք մեղադրելով նացիստական ժամանակները յիշեցնող «ֆաշիստական գործողութիւններուն մէջ» ներգրաւուած ըլլալու մէջ: Ան յարձակում գործեց նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին վրայ` կասկածի տակ դնելով անոր հոգեկան առողջութիւնը, ինչ որ ստիպեց Ֆրանսան՝ տուն կանչել իր դեսպանը Անգարայէն:

Էրտողանի կողմէ օտարերկրեայ ղեկավարներու անողոք դիւահարումը թուրքերուն մօտ բարձրացուցած է այն կարծիքը, որ աշխարհը դաւադրութիւն կը կազմակերպէ իրենց դէմ:

Share