Արեւելո՞ւմ…Թէ՞ Փլուզում

Արեւելո՞ւմ…Թէ՞ Փլուզում

«Մենք դէմ ենք, եւ միշտ պիտի պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը բռնանան ժողովուրդներու ազատ կամքին վրայ, ո՛վ ալ ըլլան այդ բռնացողները, ամերիկացի թէ ռուս, անգլիացի թէ չին, թո՛ւրք թէ գերմանացի:

Սարգիս Զէյթլեան (1930-1985)

Այսօր դարձեալ տաք օրակարգ դարձած է ուղղութիւն ճշդելու հարցը, շատ կը խօսուի «օրիենթացիա»-ի՝ արեւելումին մասին։ Հ.Հ. վարչապետը անգամ մը եւս կը շատախօսէ այս նիւթին մասին, շեշտելով, թէ Ռուսիոյ դաշնութիւնը այլեւս չի կրնար առանցքային գործընկեր ըլլալ Հայաստանի, յատկապէս անվտանգութեան ոլորտին մէջ:

Այս յայտարարութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չկան, այլ պարզապէս (յստակ է որ)

Պրիւքսելի մէջ Փետրուար 13-ի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստի սեմին, վարչապետը, սիրաշահելու համար Արեւմուտքը՝ հրապարակ նետեց այդ մաշած ձայնապնակը, կարծելով, թէ նմանօրինակ ռազմավարութիւն կրնայ աւելի հեզասահ դարձնել դէպի Արեւմուտք իր արեւելումը, կամ պարզ ու մեկին «արեւամտում»-ը, որ կը նշանակէ Հայաստանը մօտեցնել իր… արեւամուտին։

Ոեւէ հայորդիի համար առաջնահերթութիւն եւ հիմնական է ազգային շահերու ապահովումը։

Արդեօք վարչապետը նուազագոյն գիտակցիութիւնը ունի՞, թէ «ազգայի՛ն արեւելում»-ն է, որ կրնայ փրկել երկիրը յորձանուտէն։ Ազգային շահերէն մեկնելով է որ պէտք է գործել քաղաքական բնագաւառէն ներս, բնագաւառ մը, ուր ճկունութիւնն ու ազգային շահերու պահպանումը կը մնան փրկութեան ալֆան եւ օմեկան։

Քաղաքական բեմահարթակի վրայ, ամէն մէկ յայտարարութիւն, նոյնիսկ երկրորդական ածականի մը գործածութիւնը, կրնայ «Բիւզանդական վէճերու» դուռ բանալ եւ, աւելի՛ վատը՝ հազար ու մէկ ենթադրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու առաջնորդել, խաւ առ խաւ խորացնելով խառնաշփոթ վիճակը, եւ սա գործելաձեւ մըն է, որուն մէջ է «ազգընտիր» վարչապետը։

Արդեօք բոլորիս, նա՛եւ վարչապետին համար յստակ չէ՞, որ յատկապէս Ուքրայինայի մէջ տեղի ունեցած, շարունակուող եւ անորոշ ժամանակով շարունակելի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի դաժան ու ահաւոր գօտեմարտի յորձանուտին մէջ ինկած մեր հայրենիքն ալ կը մնայ ուղեկորոյս ու պարտուողական վիճակի մէջ, եւ թէ՝ սա հետեւանք է, առաջին հերթին, իր անհեռատես եւ անշրջահայեաց «մարտավարութիւններուն»։

Թէ՛ Արեւելքը եւ թէ՛ արեւմուտքը, փոքր ազգերու շահագործման ու տիրապետութեան դրութիւն մը կը կիրարկեն, տարբեր գործելաձեւով եւ ձեռնավարութեամբ՝ «մանիփուլացիա»-ով: Բնական է, որ մէկը ունենայ հակակրութիւն կամ համակրութիւն՝ այս կամ այն երկրին հանդէպ, սակայն անպայման անհրաժեշտ է, որ պահենք գաղափարական սկզբունքները։ Այլ խօսքով, հայութեան համար մէկուն հանդէպ համակրանք զարգացնելը՝ ի հեճուկս ուրիշի մը, առ նուազն վնասաբեր է եւ հարուածի տակ կը դնէ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄԸ:

Փոխանակ երկիրը ներքնապէս կազմակերպելու, զօրաւոր հիմեր կառուցելու եւ այսպէս կոչուած «ազգային արեւելում» մը կերտելու, ան անտեղի եւ բազմիցս անհիմն ու անհեթեթ մեկնաբանութիւններով կը ջղագրգռէ պաշտօնական դաշնակից Ռուսիան։ Բնականաբար զարմանալի չէր, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Մարիա Զախարովա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ հայ ժողովուրդին համար: Անոր խօսքերը ճկուն ու փրոթոքոլային էին, երբ կ’ըսէր, Հայաստանն ու Ռուսիան կը մնան բարի դրացիներ եւ դաշնակիցներ եւ, բաղձանք կը յայտնէր, որ Երեւան այդ իրականութիւնը նկատի կ՛առնէ եւ …«ներկայի աշխարհաքաղաքական վերափոխումներով ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ»:

Հեռու ենք, շատ հեռու ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄէն, եւ շատ մօտիկ՝ ողբերգական փլուզումին։

Փրկութեան ուղին կը կերտուի սրտցաւ ախտորոշումներէ քանի մը քայլ անդին երթալով: Անյետաձգելի է (շատո՜նց) բոլոր ձեռքերու միացումով՝ վերականգնել Հայաստանի ու Հայ Կեանքին մէջ ազգային շահերու հիմամբ արեւելումը: Սա նոր գիւտ չէ, այլ դարաւոր աւանդ:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Share