Հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական, «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 95-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Պ. Սնապեանի տուն-թանգարանին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, գրողին տուն-թանգարանին դիմաց պաշտօնական հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի բացումը:
Պօղոս Սնապեան ծնած էր 1927 թուականին պատմական Մուսա լերան մէջ, ապա իր հայրենակիցներուն հետ բռնած տարագրութեան ուղին ու հաստատուած Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքին մէջ: Աւարտած էր Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը, ուսանած Փարիզի Սորպոնի համալսարանը:
1951-էն աշխատակցած է սփիւռքի տարբեր պարբերականներու: 1958-էն` Պէյրութի մէջ հրատարակուող համասփիւռքեան “Բագին” հանդէսի խմբագրակազմի հիմնադիր-անդամ էր Կարօ Սասունիի եւ Եդուարդ Պոյաճեանի հետ, 1966-2006-ին` գլխաւոր խմբագիրը: Դասաւանդած է Լիբանանահայ շարք մը ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Հեղինակ է “ժամանակ չկայ” վիպակի, “Յեղափոխութեան համար”, “Ես այդ շունն եմ”, “Կորստեան թոյներ”, “Աղքատներուն աւանդութիւնը”, ժողովածուներու եւ այլ գիրքերու, գրականագիտական մենագրութիւններու, դիմանկարներու, տարեգիրքերու, բազմաթիւ գրախօսական յօդուածներու:
Արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան Միքայէլ Նալբանդեանի անուան մրցանակին, ՀՀ Մովսէս Խորենացիի մետալին: