ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը դատապարտած էր Serj Tankian-ի խայտառակ պահուածքը ՀՅԴ ԱԵՄ-ի անդամ ընկերուհիներէն մէկուն հանդէպ: Ան Twitter-ի իր հարթակով հայհոյած էր երիտասարդ աղջկան։
Այդ առիթով ՀՅԴ ԱԵՄ-ը դիմած էր ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանին՝ ակնկալելով անոր արձագանգը։
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանը Twitter-ի իր պաշտօնական էջով՝ այդ առիթով գրառած է.

«Ատելութեան եւ վիրաւորանքի խօսքերը, նաեւ Սերժ Թանգեանի վիրաւորական մեկնաբանութիւնը երիտասարդ հայուհիին հանդէպ դատապարտելի է: Զիրար մեղադրել եւ վիրաւորելը, անընդունելի ձեւակերպումներու օգտագործումը միայն կը վնասեն մեզի՝ հայերուս»,- գրած է Գ․ Ստեփանեան։
ՀՅԴ Աերցախի երիտասարդական միութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան / Artsakh Ombudsman Գեղամ Ստեփանեանին ` արձագանգելու համար եւ յոյս յայտնած, որ Serj Tankian -ը տղամարդկութիւն կ՝ունենայ ներողութիւն խնդրելու իր լկտի խօսքերուն համար։