Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ կառուցուած եպիսկոպոսաց շէնքին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազգային բարերար հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի այրիին՝ Անահիտի եւ զաւակներուն՝ Գարինի, Արամի եւ Անիթայի։
Յայտնենք, որ շէնքին շինութիւնը աւարտած էր 2019 թուականին, սակայն համաճարակին եւ Գառնիկ Եացուպեանի մահուան պատճառով, այս տարի միայն առիթ ստեղծուեցաւ պաշտօնապէս կատարելու շէնքին բացումը, որուն ներկայ էին Կիլիկեան Ուխտի միաբան հայրեր, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, շէնքին ճարտարապետները, հայկական երեք կուսակցութիւններու, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Բաացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ եպիսկոպոսաց շէնքի մուտքին «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, տիկին Անահիտ Եագուպեան հատեց ժապաւէնը եւ ապա երգուեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգը, որուն յաջորդեց շէնքին մէջ շրջագայութիւն՝ նախքան ներկաներուն ուղղուիլը դէպի Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահ, ուր Հայրապետը արտասանեց իր պատգամը։
Արդարեւ, Նորին Ս. Օծութիւնը իր խօսքին մէջ վեր առաւ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին կատարուած բարերարութեանց կարեւորութիւնը։ Առ այդ, Հայրապետը ընդգծեց տիկին Անահիտի հօր՝ Գէորգ Չաթալպաշեանի բարերարութիւնը Անթիլիաս Մայրավանքի Վեհարանի կառուցման, որ իր աւարտին հասած էր 1968 թուականին, եւ անդրադարձաւ Չաթալպաշեան բարերարին ազգային արժանիքներուն։ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ, թէ ինչպէս Եագուպեան ընտանիքը, գլխաւորութեամբ հանգուցեալ Գ. Եագուպեանի, հետեւելով իրենց հօր եւ աներհօր օրինակին, ստանձնեց Պիքֆայայի Վեհարանին վերանորոգման եւ ընդլայնման (2014), ինչպէս նաեւ սոյն եպիսկոպոսաց շէնքին կառուցման (2019) բարերարութիւնը։
Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր վստահութիւնը յայտնեց, որ Եագուպեան ընտանիքը իր բարերարութիւնը վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակէ ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հանգուցեալ Գ. Եագուպեանի հոգին լուսաւորէ եւ զայն հանգչեցնէ երկնային լոյս խորաններուն մէջ։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ» աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին կրկնօրինակը նուիրեց տիկին Անահիտ Եագուպեանին։
Կարեւորութեամբ նշենք, որ Գ. Եագուպեան բազմաթիւ բարերարութիւններ կատարած է Սուրիոյ, Լիբանանի ու Հայաստանի մէջ եւ իրողապէս արժանացած է ազգային բարերար կոչումին։
Յիշենք, որ 2014 թուականին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով զարդարած էր հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի կուրծքը։