Պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին

Պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Միաբան Հայրեր, Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, Գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչները եւ հարաւային Օնթարիոյէն ժամանած հայորդիներ։

Ճաշկերոյթի հանդիսավարն էր Տիկին Ցոլեր Փանոսեանը, որ բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Իր նուիրուածութեան եւ ծառայութեան համար։

Ճաշկերոյթի ընթացքին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ ներկաներուն։

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան Ճաշկերոյթի յաջողութեան համար։

Ճաշկերոյթին նաեւ գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն Գէմպրիճի համայնքին համար։ Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ Կիլիկեան Իշխանի շքանշանին արժանացաւ Պրն. Կարօ Փոսթաճեանը եւ Կիլիկեան Ասպետի շքանշանին արժանացաւ Պրն. Վրէժ Գասամանեանը։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Գանատայի մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականներուն, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ շքանշանակիրներուն՝ անոնց կատարած երկար տարիներու ծառայութեան համար։

Գահակալ Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց աւանդութեան պահպանման կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ աւանդութիւնը պահելով պահած կ՚ըլլանք նաեւ մեր ինքնութիւնը։

«Մեր կառոյցները ինքնաքննութենէ անցնելով պէտք է իրականութեան յարմարին եւ ի հարկին փոփոխութիւն կատարեն», ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը։

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։

Share