Ուշագրաւ է Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիաֆէթ Ասկերովի քանի մը օր առաջ կատարած այն հաստատումը, թէ Պաքու յստակօրէն կը պահանջէ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Հայաստանի հանրապետութեան, եւ ո՛չ թէ վարչապետին հետ: Այլ խօսքով, Պաքու յայտնի կ’ընէ, որ իր դրածոն այլեւս վստահելի յենարան մը չէ իրեն համար…
Ի՜նչ զուգադիպութիւն։ Այդ ալ Վարդանանցի օրերուն, Հայաստանի հանրապետութեան «հպարտ քաղաքացիները» արդեօք կը հասկնա՞ն, թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ ազերի պաշտօնատարը: Ան կը հասկցնէ, որ Փաշինեանի մը ստորագրութիւնը իրեն համար անարժէք է, որովհետեւ գիտէ, թէ անոր օրերը հաշուըուած են, հետեւաբար, չ’ուզեր խախուտ համաձայնագիր մը ունենալ: Աւելի՛ն, իր կամակատարը եղող իշխանաւորները նուաստացնելէ եւ հպատակեցնելէ անդին անցնելով՝ կը փորձէ նոյնինքն ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻ՛ՒՆԸ նուաստացնել եւ հպատակեցնել: Այսքանը հասկնալու համար, «հպարտ քաղաքացի»-ն իշխանաւորներէն քիչ մը աւելի իմաստութեան պէտք ունի:
Պղտոր ջուրին մէջ ձկնորսութիւն չէ Պաքուի կիրարկած քաղաքականութիւնը, այլ ան կ’աշխատի տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած իրարանցումէն օգտուիլ. ան յաւելեալ ճնշում կը բանեցնէ վարչապետ Փաշինեանի եւ անոր հլու կամակատար՝ բանալի շրջապատին վրայ, որպէսզի օգտագործէ այս ոսկի առիթը եւ իրագործէ իր ծրագիրը: Իսկ այդ ծրագիրին գլխաւոր գիծերն ալ աղաղակող են եւ բազմիցս կրկնուած. նոր սահմանադրութեան մշակում, որպէսզի անկէ ջնջուին Արցախի եւ առհասարակ հայկական պատմական հողերու մասին որեւէ պահանջատիրութիւն, ապա նաեւ, ու ամէն գնով՝ տաքը-տաքին բանալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը. Անշուշտ կան նաեւ Հայաստանի ապազինումը, բազմահարիւր հազարաւոր ազերիներու Հայաստան բնակեցումը եւ երկրի մնացորդացին վրայ տնտեսական տիրակալութեան հաստատումը: Իսկ եթէ փորձենք պրպտել չբացայայտուած գիծերը, արդէն կը հասնինք Հայաստանի ոչնչացման: Այս բոլորն ալ հասկնալու համար, շատ խորաթափանց իմաստութեան պէտք չունի «հպարտ քաղաքացի»-ն, որովհետեւ գոնէ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, հայրենապաշտպան ընդդիմադիրները անընդհատ յիշեցուցած են նահանջներն ու կորուստները, եւ ցաւով տեսած են, որ բոլոր աննպաստ նախատեսութիւնները իրականութիւն կը դառնան՝ Երեւանի իշխանաւորներու «խաղաղասիրութեան» շնորհիւ…
Եթէ պահ մը մեր աչքերը սեւեռենք Հայաստանի անմիջական շրջապատէն անդին, հոն ալ կան իրարանցումներ եւ կացութիւններ վերիվայր շրջող փոթորիկներ: Միջազգային գետնի վրայ, քաղաքական իրավիճակը տարօրինակ նորութիւններով կը հարստանայ ամէն օր: Այդ բոլորը առիթներ կը ստեղծեն Ալիեւի համար, որպէսզի աւելի եւս ամրապնդէ իր «փառաւոր յաղթանակ»-ը: Այլ խօսքով, անիրաւ ոճրագործը կ’աշխատի օգուտ քաղել այդ վերիվայրումներէն, իսկ իրաւատէրը պատրաստ է ձեռքէ հանելու շահող խաղաքարտեր, ինչպէս՝ միջազգային ատեաններու ներկայացուած եւ լայն արձագանգ գտած՝ իրաւական հետապնդումները…
Միջազգային գետնի վրայ պատահածներուն շարքին, թերեւս անյարակից նկատուի այն՝ ինչ որ տեղի կ’ունենայ Գերմանիոյ մէջ: Ծանօթ է, որ անցեալ շաբաթավերջին, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն, եւ ինչպէս նախատեսուած էր ամիսներ առաջ, մեծ անկում կրեց վարչապետ Շոլցի Ընկերվար Ժողովրդավար կուսակցութիւնը (SPD). աւելի աջակողմեան՝ Քրիստոնեայ դեմոկրատականներն (CDU/CSU) ու յատկապէս ծայրայեղ աջակողմեանները (AfD). հնձեցին քուէներուն «առիւծի բաժին»-ը, արդիւնք մը՝ որ գոհունակութիւն պատճառեց… Թրամփի: Գերմանիոյ մէջ ծայրայեղ աջակողմեաններու յառաջխաղացքը եզակի չէ. Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ ալ, այդ հոսանքները յառաջխաղացքի մէջ են եւ արդարօրէն ահազանգի կը մատնեն ժողովուրդները, յիշողութեանց մէջ վերականգնելով Հիթլէրն ու Մուսոլինին, որոնց բարեւելու ձեւերը կը կապկէ Թրամփի մէկ մտերիմը՝ Մասք…
Մեզ աւելի մօտէն հետաքրքրողը եւս պատահեցաւ քանի մը օր առաջ. Ուքրայինայի հիմնահարցին շուրջ Մ.Ա.Կ.-ի հանդիպումներուն, աներեւակայելի եւ պատմական վայրկեաններ ստեղծուեցան, երբ Ա.Մ.Ն. եւ Ռուսիա կողք-կողքի քուէարկեցին, հակադրուելով եւրոպացիներուն: Սա այլ ցուցանիշ մը եղաւ, թէ Արեւմուտք կոչուած զինակցութիւնը որքա՜ն պառակտուած է («մանրուք» են նոյնինքն Եւրոպական միութեան մէջ հակադրութիւններու շեշտաւորումը), իսկ Հայաստան կը վազէ դէպի Արեւմուտք, առանց հասկնալու, թէ ճիշդ ո՞ր Արեւմուտքին պէտք է ուղղէ իր աչքերը…
Այս պատկերին դիմաց, ինչպէ՞ս բացատրել Ուքրայինայի գլխիկոր եւ գլխակորոյս ղեկավար Զելենսքիի մէկ ամբոխահաճ հաստատումը, թէ պատրաստ է մինչեւ իսկ հրաժարելու իր պաշտօնէն, պայմանաւ որ, իր երկիրը անդամակցի ՆԱԹՕ-ին: Արդեօք, Զելենսքի չի նկատէր, թէ Վարշաւայի ուխտին նման՝ Ատլանտեան ուխտն ալ հասած է պատմութեան անցնելու սեմին: Բոլորովին այլ հարց է այն, որ ան արդէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր երկրի բնական հարստութիւնները նուիրելու Թրամփներու, երբ անդին կը խօսուի Ուքրայինայի կարողութիւններու շահագործման շուրջ Ուաշինկթըն-Մոսկուա համախոհութեան նախանշաններու մասին, իսկ այլ ուժեր իրենց դգալ-դանակ-պատառաքաղները կը պատրաստեն՝ կարկանդակէն պատառիկ մը ունենալու յոյսով…
Աւելի չտարածենք Հայաստանի շրջակայքին եւ միջազգային գետնի վրայ ստեղծուած իրական եւ շինծու փոթորիկներուն շրջագիծը՝ տեսնելու համար, թէ այդ համայնապատկերին դիմաց, Ատրպէյճան ամէն օր ունի նոր սադրանք, նոր պահանջներ: Արիւնկզակ Պաքուն սրած է ատամները եւ ճարպիկութիւն խաղալով, եւ խորամանկօրէն խաբելէ ետք Հայաստանի վարչապետն ու իր ՔՊ-ական խմբաւորումը, պահը հասած կը նկատէ նոյնինքն հայորդին ներգրաւելու իր թակարդին մէջ, եւ հրապարակ կը նետէ նորութիւն մը, թէ՝ Ատրպէյճան կ՛ուզէ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել հայկական պետութեան, եւ ո՛չ թէ վարչապետին հետ: Վարչապետ մը, որ պարզ ու մեկին՝ ծախած է Արցախը, վարագոյրի ետին սակարկութեան նստած է Հայաստանէն նոր տարածքներ զիջելու համար, մի՛շտ գաղտօրէն, մի՛շտ ժողովուրդի կռնակէն…
Հայաստանի հանրապետութեան իսկական տէրը քաղաքացի՛ն է, հայորդին՝ որ պատրաստ չէ իշխանաւորներուն պէս իյնալու թշնամիին թակարդներուն մէջ, մանաւանդ կորսնցնելիք ժամանակ չունի ՝ պայքարելու համար արցախահայութեան վերադարձին, բանտարկեալներու ազատ արձակման, Հայաստանի պահպանման եւ բոլոր արդար իրաւունքներուն հետապնդման ի խնդիր:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրակնան