Յարութ Սասունեան
Տարիներու ընթացքին պատրաստուած են բազմաթիւ զեկոյցներ, որոնք բացայայտած են այն միլիառաւոր տոլարները, զորս Ազրպէյճանի իշխող Ալիեւի ընտանիքը կողոպտած է պետական գանձարանէն, ինչպէս նաեւ՝ մեծաքանակ կաշառքները, զորս կառավարութիւնը տուած է եւրոպացի եւ ամերիկացի տարբեր պաշտօնեաներու:
Ուստի զարմանալի չէ, որ յաջորդ շաբաթ Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ 29 Կլիմայի վեհաժողովը յաւելեալ օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս իշխող վերնախաւը կ՛օգտագործէ իր գրպանները լեցնելու իւրաքանչիւր առիթէն:
«Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան տեղեկագրութեան նախագիծ»-ը (OCCRP) բացայայտած է Ազրպէյճանի խայտառակ գործողութիւնները՝ «Ազրպէյճանի ՔՈՓ 29 Կլիմայի վեհաժողովի պաշտօնական գործընկերները կապուած են իշխող Ալիեւի ընտանիքին եւ անոնց ներքին շրջանակին… Պաքուի այս տարուան միջազգային այցելուները, ուր ալ նային, պիտի տեսնեն ընկերութիւններ, որոնք առնչուած են Ազրպէյճանի բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին» խորագիրով: Այս ծաւալուն զեկոյցը գրած են՝ Ճէյմս Տաուսեթը, Քելի Պլոսը, Ֆաթիմա Քարիմովան եւ Էլի Մոսքովիցը:
«Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան տեղեկագրութեան նախագիծ»-ը Ազրպէյճանը բնութագրած է իբրեւ «ամէնէն բռնապետական երկիրը, որ երբեւէ հիւրընկալած է այդ վեհաժողովը… Ըլլայ ատիկա հանքարդիւնաբերութիւն, դրամատնային մարզ, հիւրընկալութիւն թէ շինարարութիւն, դժուար թէ Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունենայ մեծ արդիւնաբերութիւն մը», որ ալիեւներու իշխող ընտանիքին տիրապետութեան տակ չըլլայ: «Իբրեւ արդիւնք՝ ալիեւներն ու անոնց անմիջական շրջապատը դիզած են ապշեցուցիչ հարստութիւն մը, որուն զգալի մասը կը պահուի արտասահմանի մէջ, կամ կապուած է արտերկրի կալուածներու հետ: Նոյնիսկ նախագահին 11-ամեայ որդին Լոնտոնի մէջ գրասենեկային շէնք ունէր»:
Ահաւասիկ՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին ներքին շրջապատին եւ Կլիմայի վեհաժողովի «պաշտօնական գործընկերներուն» միջեւ կապերը.
1) «Նախագահ Ալիեւի դստեր նախկին ամուսինը (Էմին Ակալարով) շահած է 5,2 միլիոն տոլար արժողութեամբ պետական համաձայնագիր (առանց մրցութային որեւէ գործընթացի)՝ հիւրընկալելու ՔՈՓ29-ի 5000 հիւրերը Կասպից ծովուն վրայ գտնուող իր շքեղ «Սի պրիզ ռիզորթ»-ին մէջ»: Հիւրերը՝ «Պիտի մնան գերշքեղ սենեակներու մէջ… հասանելիութիւն պիտի ունենան եօթը քիլոմեթր երկարութեամբ լողափին, պիտի վայելեն աւելի քան 50 գինետուներ եւ ճաշարաններ, 60 լողաւազաններ»: Այս համաձայնութիւնը բացայայտած ազրպէյճանցի վեց լրագրողները այժմ կը գտնուին Պաքուի բանտը:
2) «ՓԱՇԱ հոլտինկզ»-ը Ազրպէյճանի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկն է, որուն կը պատկանին վեհաժողովը հիւրընկալող քաղաքի բազմաթիւ լաւագոյն պանդոկները, անիկա մեծ շահեր ունի զբօսաշրջութեան, շինարարութեան, ապահովագրութեան եւ դրամատնային ոլորտներուն մէջ: «ՓԱՇԱ»-ն կը պատկանի Ալիեւի երկու չափահաս դուստրերուն (Լէյլա եւ Արզու): Ընկերութեան խորհուրդի փոխնախագահ Միր Ժամալ Փաշայեւը «Ազրպէյճանի Առաջին տիկնոջ եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւային զարմիկն է»:
3) «Ազերսան հոլտինկ». Անոր նախագահն է Ապտոլպարի Կոզալը` Հասան Կէօզելի հօրեղբայրը, որ Ալիեւա քոյրերուն համար երեք ընկերութիւններ հիմնած է բրիտանական Վըրճին կղզիներուն մէջ»:
4) «Սիլք ուէյ ուեսթ էրլայնզ». Պատասխանատու է համաժողովին նիւթերու եւ մթերքներու փոխադրութեան։ Անիկա կը պատկանի նախկին պետական պաշտօնեայի մը, սակայն նախապէս կապուած եղած է Ալիեւի դուստրերէն մէկուն հետ` «Սիլք ուէյ պանք» քոյր ընկերութեան միջոցով։ Օդանաւային ընկերութիւնը վերջնականապէս կը պատկանի նախկին պետական պաշտօնեայ Զաուր Ախունտովին, սակայն նախապէս անիկա նաեւ կապուած է առաջին ընտանիքին հետ` քոյր ընկերութեան ճամբով։ 2010 թուականին «Ազատ Եւրոպա» ձայնասփիւռի կայանին հետաքննութիւնը պարզեց, որ Արզու Ալիեւան` նախագահին կրտսեր դուստրը, եղած է «Սիլք ուէյ պանք»-ի երեք սեփականատէրերէն մէկը, որ «Սիլք ուէյ կրուփ»-ի նախկին ֆինանսական թեւն էր, որուն ալ մաս կը կազմէ օդանաւային ընկերութիւնը»:
5) «ԿԻԼԹԵՔՍ». Ընկերութիւն մը, որ կը վերահսկէ տեղական հիւսուածեղէնի շուկային գրեթէ երեք քառորդին եւ մինչեւ անցեալ տարի մաս կը կազմէր «Կիլան հոլտինկզ» ցանցին, որուն բաժնետոմսերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի նախագահին դուստրերուն (Ազրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Քամալատին Հէյտարովի զաւակներուն հետ միասին: Հէյտարով նաեւ ՔՈՓ 29-ի կազմակերպական կոմիտէի անդամ է): «Կիլան հոլտինկզ»-ը լուծարուած է 2023 թուականին»:
6) «ՍՈՔԱՐ կրին». Ազրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան` ՍՈՔԱՐ-ի դուստր ձեռնարկութիւնն է, որ մեծ դեր կը խաղայ նաւթ արդիւնահանող երկրի տնտեսութեան մէջ»:
7) «ԱՊՊ» դրամատուն. Նոր անունով օժտուած է 2021 թուականին, սակայն իր նախկին անուան տակ` Ազրպէյճանի միջազգային դրամատուն, անբարեհաճ վերնագիրներու պատճառ դարձած է 2,9 միլիառ տոլարի լուացման խայտառակութեան մէջ իր ունեցած կեդրոնական դերակատութեան համար, որ ճանչցուած է իբրեւ «Ազրպէյճանական լուացքատուն»: Դրամատան մէջ հաշիւ մը օգտագործուած է իբրեւ հիմնական խողովակ՝ այդ միջոցներուն մեծ մասը տեղափոխելու համար: Դրամատան նախկին նախագահը բանտարկուած է 2016 թուականին` հաստատութենէն գրեթէ 3 միլիառ տոլար գողնալուն համար: Անոր կինը, որ կ՛ապրի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, հետագային ստացած է երկրի երբեւէ առաջին «անբացատրելի հարստութեան հրամանը»` բրիտանական իշխանութիւններուն պահանջով ապացուցելու իր հսկայական հարստութեան օրինական ծագումը: Հետագային ան համաձայնեցաւ վերադարձնել 17,8 միլիոն տոլար արժողութեամբ առանձնատունը եւ կոլֆի ակումբը, որ անցաւ բրիտանական պետութեան»:
«Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան տեղեկագրութեան նախագիծ»-ը նաեւ հաստատած է, որ՝ «Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր կը զեկուցէ Ազրպէյճանի մասին` բացայայտելով փտածութիւն, մարդու իրաւունքներու խախտումներ եւ չարաշահումներ»: Ստորեւ՝ որոշ զեկոյցներու կարեւորագոյն կէտերը․
1) «Թէ՝ ինչպէ՛ս իշխող Ալիեւի ընտանիքը շահեցաւ արժոյթի փլուզումէն, ինչպէ՛ս ան կը ձգտէր գնել Խըրխըզիստանի ոսկիի հանքավայրերը, եւ ինչպէ՛ս է կրցած են կառավարութենէն կորզել ապշեցուցիչ 1 միլիառ տոլար հեռահաղորդակցութեան ընկերութեան ձեռքբերումէն»:
2) «2016 թուականի «Փանամայի փաստաթուղթեր»-ու տուեալներուն հիման վրայ կատարուած հետաքննութիւնը, որ պարզած է, թէ ինչպէ՛ս (Ալիեւի) ընտանիքը օգտագործեց օֆշորային կառոյցները եւ սեփականութեան բազմաթիւ շերտեր` հարստութիւնը գաղտնի պահելու համար»:
3) «Այս տարուան սկիզբը խումբ մը անկախ լրագրողներու շինծու մեղադրանքներով բանտարկելը` փետրուարի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ»:
4) «Թէ՝ ինչպէ՛ս ամերիկացի լոպիստները աջակցած եւ գումար ստացած են վարչակազմէն, եւ թէ՝ ինչպէ՛ս է «Ազրպէյճանական լուացքատուն»-ը օգտագործուած իր վերնախաւի համար երկրէն միլիառաւոր տոլարներ դուրս բերելու նպատակով»: