Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի նորընտիր կեդրոնական կոմիտէի այցելութիանը Առաջնորդ սրբազանին

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի նորընտիր կեդրոնական կոմիտէի այցելութիանը Առաջնորդ սրբազանին

Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին, գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ՝ Կարօ Մատէնլեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Կեդր. կոմիտէն երկուստեք շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանակելէ ետք, Գեղամ Արքեպիսկոպոս յաջողութեան ջերմագին մաղթանքներ փոխանցեց բոլորին, յառաջիկայ շրջանի իրենց գործունէութեան մէջ: Ազգային վարչութեան ատենապետը, յանուն Ազգային վարչութեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ զրոյց Հայրենիքի ու Սփիւռքի հայութեան ներկայ իրավիճակին ու յատկապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան բազմաշերտ կարելիութեանց մասին՝ կրթականէն մինչեւ եկեղեցաշինական, ազգայինէն մինչեւ համահայկական:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց Սփիւռքի ամէնէն հայահոծ շրջանի գաղութային կեանքը բնականոն հուն վերադաձնելու նպատակով տարուած ջանքերուն առիթով՝ հայրաբար թելադրելով, որ գաղութին մէջ գործող իւրաքանչիւր մարմին կամ միաւոր ի՛ր իսկ առաքելութեան ծիրէն ներս իր ներդրումը պէտք է բերէ նոր ժամանակներու պահանջներէն թելադրուած եւ արդիական մեթոտներով:

Share