Նոր «Հայ կեդրոն» Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ

Նոր «Հայ կեդրոն» Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ

Հրայր Շէրիքեան

            Դարեր շարունակ Հայ Եկեղեցին ու Հայ կրթական հաստատութիւնները Հայութեան կեանքին ու մշակոյթին մեծ ներդրումներ բերած են ու յաճախ միակ միջոցը եղած են:

Այդ օրերէն շատ բան փոխուած են եւ 1915-ի Ցեղասպանութենէ ետք կորսուած հայ մանուկները հասան որբանոցներու մէջ ու անոնց տուն ու տեղ եղան: Այդ փոքրերը մեծնալով ու կեանքը շարունակելու ու ապրելու նպատակով աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծեցին իրենք զիրենք, կառուցեցին իրենց անհատական բոյները: Հայկական կազմակերպութիւնները նաեւ ծաղկեցան ստեղծելով «Հայ Կեդրոն»ները: Դար մը անցած է այդ օրերէն եւ տակաւին այդ կեդրոններու հիմնական նպատակը նոյն կը մնայ:

Համախմբել Հայութիւնը, կազմակերպել զայն ու դէպի Հայրենիք մասնակից դարձնել գործնական, բարոյական ու նիւթական միջոցներով:

            Արեւմտեան Ամերիկայի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի նորագոյն Հայ Կեդրոնը իր դռները բացաւ Յունիս 5ին:

            Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Ռոստոմ», «Արշաւիր Շիրակեան» եւ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէներու ու կոմիտէութիւններու միացեալ ջանքերով այս կեդրոնը կը վերածուի հայկական մեղուի փեթակի մը: Հոն, իր զանազան կազմակերպութիւններով, անդամներով, համակիրներով ու գործօն անհատներով, որպէսզի հայ կեանքը ծաղկի ու գոյաատևի:

            Երեկոյի բացումը կատարեց Հրայր Շէրիքեան, եւ Կեդրոնի յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Ապա ներկայները Արցախեան պատերազմի զինուորներուն եւ մեր նահատակ ազատամարտիկներուն, ինչպէս նաեւ Covid-ի պատճառաւ այս շրջանէն մահացած ընկերներու յիշատակը յարգեցին մէկ վարկեան լռութեամբ:

            Ապա Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Տէր Ռազմիկ Խաչատուրեանը օրհնեց Հայ կեդրոնը մաղթելով ներկաներուն նորանոր յաջողութիւններ:  Հրայր Շ. Պաշտօնական բացման խօսքը ուղղեց եւ շեշտեց «Հայ Կեդրոն»ներու կարեւորութիւն եւ անոնց դերակատարութիւնը սփիւռքի ազգային կեանքին մէջ:

             Ապա, ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Արշաւիր Շիրակեան» եւ «Բաբգէն Սիւնի»  կոմիտէներու անունով ընկեր Ռաֆֆի Արտալճեանը փոխանցեց իր պատգամը շեշտելով, որ աշխարհասփիւռ Հայ կեդրոնները յատուկ տեղ գրաւած են հայ գաղութներու ազգային կեանքին մէջ: Նաեւ շեշտեց Հայ կեդրոնները եղած են ստեղծագործութեան վայրեր, համախմբուելու ժողովատեղիներ, միտքեր յղանալու եւ այդ մտքերը գործի վերածելու կեդրոններ: Ասոնց կողքին հայ կեդրնները նաեւ ընկերային մթնոլորտ կը ստեղծեն հոն համախմբուած մարդոց միջև: Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Կեդրոնը նորագոյն կեդրոնն է այդ շարանին:

            ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Տարօն Տէր  Խաչատուրեան իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն կեդրոնացաւ հետեւեալ կէտերու վրայ, Հայկական ցեղասպանութենէն ետք Հայ կեդրոններու ստեղծումները եւ անոնց հիմնական դերակատարութիւնը եկեղեցիներու ու դպրոցներու կողքին հիմնական տեղ ստացաւ, Հայապահպանման եւ հայակերտման  դաստիարակութիւնը, հետեւողական աշխատանքներու ընդմէջէն բարելաւել եւ զարգացնել հայ ժողովուրդին ծառայութեան միտքը ու նուիրումը: Ահա այսպէս, տասնամեակներէ որ Հայ Կեդրոնները կը հաստատուին տարբեր գաղութներու մէջ եւ իրենց ծառայութեամբ Հայ Ժողովուրդին տեղական կարիքներուն կը հասնին: Այս եղաւ հիմնական զարթօնքի շրջան մը հայութեան: Հայ կեդրոնները նաեւ եղան Հայ ինքնութեան պահպանման ու զարգացման միջոց: ՀՅԴ Կեդրոնները վերածուեցան կազմակերպութիւններու հիմնական հաւաքատեղիներ, խրախճանքներու, ընկերային եւ քաղաքական միտքերու զարգացման եւ միշտ հայեացքը դէպի Հայրենիք:

            Յայտագիրը շարունակելով, ՀԵԴ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Յասմիկ Բրուշեանի խօսքով, ուր նա բացատրեց ՀԵԴ ի գործունէութեան զանազան բաժինները, շնորհաւորեց կեդրոնի յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ խոստացաւ երիտասարդների գործօն մասնակցութիւնը կեդրոնէն ներս:

            Նաեւ ներկայ էր Րիյան Ահարին որ կը ներկայացնէր Լոս Անջելըսի 4րդ ընտրաշրջանի խորհրդական Նիթեա Րամանիին: Իր ելոյթով շնորհաւորանքի խօսքը փոխանցեց եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

            Յայտագիրը վերջաւորութեան բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Մշակ Բանուոր» քայլերգը: Ապա տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն շատ մտերմիկ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ:

https://fb.watch/duTaWcYnjn/

Share