Հրաձիգ Նարէ Գաբրիէլեան՝ Սլովենիոյ Միջազգային Մրցաշարի Յաղթող

Հրաձիգ Նարէ Գաբրիէլեան՝ Սլովենիոյ Միջազգային Մրցաշարի Յաղթող

Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականի անդամները առաջին մէտալները նուաճած են Սլովենիոյ միջազգային մրցաշարին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Սլովենիոյ Ռուսէ քաղաքին մէջ սկիզբ առած է ISSF Grand Prix միջազգային մրցաշարը։ Մրցումային առաջին օրը 10մ օդամղիչ ատրճանակ երիտասարդ աղջիկներու պայքարին Նարէ Գաբրիէլեան 570 միաւոր արդիւնքով, 2-րդ հորիզոնականով հասած է եզրափակիչ փուլ։

Գաբրիելեանը եզրափակիչին` ըլլալով միանձնեայ առաջնակարգը, 239,7 միաւորով դարձած է ոսկէ մէտալակիր։ Գաբրիէլեան 570 միաւոր արդիւնքով ամբողջացուցած է նաեւ միջազգային կարգի մարզիկի վարպետի չափանիշը։

Share