Գէորգ Պետիկեան
Անցեալ տարի, երկար ամիսներու առողջապահական վիճակիս պատճառած «չարչարանք-տանջանքներէն» ետք, իբրեւ ամառնային «արձակուրդ», այս տարի այր եւ կին որոշեցինք դարձեալ Հայաստան գալ, շաբաթներու համրանքով: Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, անհամբեր կը սպասէի հայրենիքէս ներս ապրած հին օրերուս գեղեցիկ յուշերուս վերադարձին: Բայց… ի տես տեղական ներքին եւ մանաւանդ լարուած իրավիճակին, առաջին օրն իսկ արդէն միտքս լեցուեցաւ նոր տագնապներով: Գրեթէ կորսնցուցի հոգեկան խաղաղութեանս բանալին, ապրումիս ջերմութեան հետ: Միտքս պարզեմ:
Այսպէս, Երեւան նոր հասած, յոգնած ու «ջարդուած», նախ ուզեցինք պատառ մը հաց ուտել մեր շէնքի մօտիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Երիտասարդ, քսանը հազիւ տեսած, կապոյտ աչքերով տղու մը վիճակուեցաւ մեզի մատակարարելու պարտականութիւնը: Ու ըստ, իմ բարի սովորութեան, իբրեւ մտերմիկ զրոյց, երբ հարցուցի իր անունը.
-«Դաւիթ է…, ես Արցախից եմ ու հիմա Արցախը չկայ… սիրտս ու հոգիս լացումա» — ըսաւ մէկ շունչով, հեւասպառ եւ յուզուած ու շարունակեց իր «գործը»:
Վայրկեանին, անակնկալ ապտակ մը ստացողի նման, ես ու կինս ցնցուեցանք: Թէեւ գիտէինք: Արցախեան «գուժը» լսած էինք, բայց …մարդ ես: Բառերս կորսուեցան բերնիս մէջ: Չկրցայ ոչ մէկ ձեւով պատասխանել: Նախադասութիւններս ալ հոգիիս նման ճզմուած մնացին, մինչ ապրումներս այդ խճողուած ու աղմկոտ ճաշարանէն ներս, արդէն իրենց նախկին ջերմութիւնը կորսնցուցած էին: Անկանոն կացութիւն: Կատակելու եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծելու եռանդս ալ ցամքած էր: Ցնդած էր: Եւ ի տես այդ տղուն արտայայտութեան, ա՜լ ուտելու ախորժակ չէր մնացած. հաւատացէ՛ք:
Արցախի ներկայ իրավիճակը, արդէն օրին, մեր բոլորին վրայ անժամանակ տխրութեամբ բոյն դրած էր: Հակասական կեանք: Կը զգաս, թէ ինչպէ՞ս հայը դարձեալ զոհ էր դարձած աննպաստ պայմաններու: Միւս կողմէ, հակառակ այս իրավիճակին, աշխարհն ալ փակ պահած էր իր միտքը, սիրտն ու մանաւանդ խիղճը, մեր հայրենիքին առջեւ:
Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս իմ ալ «հոգիս լացումա…»:
Ու անկէ ետք, ամէն օր ականատես եղանք Երեւանի գլխաւոր փողոցներուն մէջ շարունակուող աղմկոտ բողոքի եւ ընդվզումի ցոյցերուն, որոնք տեղի կ’ունենային, անձրեւ սպառնացող ամպերու նման: Իրապէս, որ մարդիկ «ինկած» էին յոյսերու եւ յուսահատութեան միջեւ: Երեւանը, վիրաւորուած փիղի նման կը թաւալէր աջ եւ ձախ, իսկ Հայաստանն ալ սպառնալիքներու աշխահի մեջ տապլտկող երկիր մը դարձած: Բացայայտ էր, թէ իրապէս կորսուած էին մարդոց երազներն ու ժամանակի գիտակցութիւնը:
Ու բոլորին նման, ես ալ սկսած էի, ամէն օր եւ ժամերով, կուրծքիս վրայ աղօթքներ սեղմած, շշմած, չոր ու ցամաք յարկաբաժնիս սենեակէն ներս դիտել ու լսել դիմատետրիս, հեռաձայնիս կամ հեռատեսիլի հայկական զանազան ալիքներու վրայ հաղորդուած, ցուցադրուած տեսարաններն ու ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ ծագած փախումներու եւ սրտաճմլիկ դէպքերու նկարները, որոնք անխնայ կը մրճահարէին միտքս ու խառն եւ խեղճ հոգեվիճակի մէջ կը նետէին հայու հոգիս ու կրկին կը ստիպէին, որ լուռ եւ անխօս ապրիմ վիճակներու անօրինակ խառնուրդ մը: Արձակուրդս իր նախկին տարիներու համը կորսնցուցած էր, հաստատապէս: Ու հիմա՝ «հոգիս լացումա»:
Յայտնի էր, թէ ազգային ալեկոծումներով լեցուն երկիր մը դարձած էր մեր հայրենիքը: Յստակ էր, թէ ինչպէ՞ս ներքին եւ արտաքին հարցեր մեծապէս զինք տակաւին կը տանջէին: Նորութիւններ չէին: Բայց…այս բոլորին առաջքը առնող մը չէր ունեցած՝ դժբախտաբար: Ամէնէն վատը սակայն, մարդիկ մոռցած էին իրարու հետ հաշտ ապրելու ձեւն ու եղանակը: Մոռցած էին այն հողը, որուն վրայ միասին կ’ապրէին: Վերնախաւ կամ պարզ քաղաքացի.- բոլորին շրթներուն վրայ կոյր ատելութիւն կար: Տեսանելի էր: Ամէն տեղ բողոք, ընդվզում: Խորունկ բաց մը: Լուրջ եւ վտանգաւոր: Մեր հայրենիքը ալեկոծ նաւու նման սկսած էր շարժիլ: Մեր բոլոր հայրենակիցները կարծես ման կու գային հորիզոնի վրայ իր նաւավարը կորսնցուցած եւ միաժամանակ առագաստը պատռած նաւակի նման: Կարծես բոլորն ալ մոռցած էին այն հազարաւոր զոհերը, որոնք հայու ներկայ կեանքը ապահոված էին: Նաեւ ճիշդ էր, որ համատարած տխրութեան մը արդիւնքն էին վստահութեան եւ անվստահութեան բոլոր կոչերն ու ձեւերը, որոնք զիս ու ինծի նման շատերուն ալ թերահաւատութեան մէջ նետած էին: Եւ որովհետեւ ամէն բան իր «կարգին» չէր, անոր համար հիմա իմ «հոգիս լացումա»:
Աղտոտ է քաղաքականութիւն ըսուածը ու ես զայն ամէն առիթով նմանցուցած եմ լքուած աւազանի մը, որուն երբեք չես ուզած մօտենալ եւ կամ անոր մէջ լողալ, ո՛չ թէ որովհետեւ լողալ չես գիտեր, այլ՝ չես ուզած կեղտոտիլ:
Արդ, ունիմ պէտք եղած քաջութիւնը՝ խորհելու եւ հանդարտելու: Կ’ուզեմ իրապաշտ ձեւով մօտենալ ազգային մեր այս խոր դժբախտութիւններուն: Անոր համար միշտ ես ինծի հարց տուած եմ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է փոյթով դուրս գալ ներկայ այս իրավիճակէն: Ինչպէ՞ս ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ պէտք է լեցնել հայ կեանքի ե՛ւ ներկայ ե՛ւ տխուր պարապը: Բայց լսող չեմ գտած եւ ոչ ալ՝ տողերս կարդացող : Հաւատացէ՛ք, նոր հաւատքով եւ հայութեամբ կը լեցուիմ, երբ ամէն անգամ եւ ամէն առիթով, դուրսը, փողոցի մը մէջ կամ հրապարակը, հայ զինուորի կամ անոր նկարին հանդիպիմ: Որովհետեւ ինծի համար, հայ զինուորը մեր փառքն ու պատիւն է: Հաւատքն ու վստահութիւնը: Իսկ հայ բանակը, մեր մեծութիւնն ու հպարտանքն է եւ հայրենիքն ալ անոր սուրն ու զէնքը:
Բացայայտ է.- թէ ինչպէ՞ս երկրի ղեկավարողներն ու պարզ քաղաքացիները, մոռցած են թէ իրենք բոլորն ալ կոչուած են որակ դառնալ, գալիք ուղեղները լուսաւորող շողով, գիտակից ու զոհաբերող ոգիով, իրարու հասկնալով եւ հաշտ ապրելով:
Բայց…ըսէ՛ք ե՞րբ կանգ պիտի առնեն ատելութեան այս շունչն ու նախանձը:
Չեմ գիտեր: Օտարներուն սկսած ենք նմանիլ: Ե՞րբ պիտի սորվինք, թէ վերջապէս հայրենիքն է մեր բոլորի կեանքի բանալին: Մտածենք, ազգովին դուրս գալ խառնակ ե՛ւ անախորժ ե՛ւ ամօթալի ե՛ւ մեր ձեռքերով իսկ ստեղծած այս իրավիճակէն: Բոլորս ալ դարձած ենք ինքն իրեն չվստահող մարդ: Անճանաչելի: Անորակ: Անմարդ հայ: Մենք ասանկ չէինք: Արդեօ՞ք այսպէս էինք եւ ես չէի գիտեր: Անոր համար, դարձեալ «հոգիս լացումա…»:
Սթափումի ճիգ պէտք է. կը կրկնեմ: Նոր հայու գիտակցութիւն: Զիրար լսել: Զիրար ճանչնալ: Նստիլ ու խօսիլ: Վերագնահատութեան ենթարկել կեանքը: Վերանորոգել մենք զմեզ, նաեւ ժամանակը, ազգին վրէժը լուծող զաւակներու կամքով: Ցոյցերն ու անոնցմէ հասնող աղմուկը թէեւ կը մրճահարեն հայու մեր միտքն ու հոգին, սակայն կը կարծեմ, որ անպայման ըսելիքներ ունին: Պատճառներ: Ուստի մտիկ ընել է պէտք:
Միւս կողմէ արդէն օրին արձակուրդս դիմափոխած էր իր ընթացքը: Սկսած էի կրկին ապրիլ վիճակներու խառնուրդ մը: «Հայրենիքը մինչեւ հիմա պէտք էր խօսէր իւրախանչիւրի սրտին եւ հոգիին հետ».-կ’ըսէի շարունակ Երեւանաբնակ բարեկամներուս, ընկերներուս եւ աշակերտներուս հետ իւրաքանչիւր հանդիպումներուս: Անոր համար տակաւին «հոգիս լացումա…»:
Ինչպէ՞ս դուրս գալ այս իրավիճակէն: Կը կարծեմ, որ իբրեւ վերնախաւ կամ ոչ, չես կրնար թափել, նետել, ուրանալ եւ կամ անտեսել մարդոց տրամադրութիւնը, հոգեվիճակն ու արժանապատուութինը: Արդար բողոքն ու իրաւունքը:
Ու երկար կը մտածեմ.- համատարած այս տխուր վիճակին, պոռթկումին, անհանդուրժողական մթնոլորտին, իրարանցում-ատելութեան, եւ անարդարութեան դէմ բողոքի եւ պահանջատէրի մթնոլորտին մէջ, էական է մեր ազգին նոր յոյսի եւ կեանքի լարերը միասնաբար թրթռացնել: Այլապէս՝ մեր բոլորին սրտերը այսպէս շատ երկար պիտի լան: Որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ գլխաւոր տուժողը մենք պիտի ըլլանք՝ բոլորով եւ հայրենիքով:
Կը մաղթեմ…նոյնքան ալ՝ կ’աղօթեմ, որ անգամ մը եւս առիթ տանք իրարու հետ զրուցելու, միասնաբար խորհրդակցելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ բանալ հայու մեր գիտակցութեան խղճի պատուհանները, որպէսզի մեր սրտերուն «լացումա»ները փոխարինուին ուրախութեան եւ խնդութեան աղաղակներով: